Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան իր ակումբին` Ինթեր Միլանի պաշտօնական էջին ընդմէջէն հրապարակեց լուսանկար մը, ուր կ՛երեւին Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսները` միասնաբար:
Այս լուսանկարին հրապարակումէն կարճ ատեն մը ետք, Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ բաւական զայրացած ըլլալով այս իրողութենէն, պաշտօնական բողոք մը պիտի ներկայացնէ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին` այս ուղղութեամբ:
Այս լուսանկարին դէմ արտայայտուեցաւ նաեւ ազրպէյճանական Ղարաբաղ ֆութպոլի ակումբը:


