Մարզական

Փորթուգալեան Ֆութպոլ.  Տի Մարիայի Կազմ Պենֆիքան` Գերբաժակակիր

Փորթուգալեան Ֆութպոլ. Տի Մարիայի Կազմ Պենֆիքան` Գերբաժակակիր

Փորթուգալի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած ճակատումին իրարու դէմ մրցեցան երկրին գործող ախոյեանը` Պենֆիքա եւ բաժակակիր Փորթօ: Լիզպոնեան կազմը, արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Պենֆիքայի առաջին կոլը նշանակեց արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիա (61-րդ), որ պաշտօնական խաղերուն նշանակեց իր առաջին կոլը, ակումբ իր վերադարձով: Անոր խրուաթ խմբակից Փեթար Մուսա նշանակեց երկրորդ կոլը (68-րդ), մինչ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն...

Ռոնալտոյի Նշանակած Կոլին  Շնորհիւ Նասըր Հասաւ Աւարտականին

Ռոնալտոյի Նշանակած Կոլին Շնորհիւ Նասըր Հասաւ Աւարտականին

Արաբական «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սէուտական Արաբիան ներկայացնող Նասըր, որ մրցեցաւ Իրաքի բանակային հաւաքականին դէմ, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը փենալթիով նշանակեց փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, 75-րդ վայրկեանին: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Նասըր ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Նշենք, որ 38 տարեկան Ռոնալտօ այսպիսով յաջորդաբար չորրորդ մրցումն ըլլալով կը դառնայ կոլի...

Փիւնիկ Երեւան Հասաւ Նորվեկիա

Փիւնիկ Երեւան Հասաւ Նորվեկիա

Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան «Զուարթնոց» օդակայանէն մեկնեցաւ Նորվեկիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին: Հասնելէ ետք Նորվեկիա, այժմ հայրենի կազմը կը պատրաստուի այսօր դաշտին տիրոջ` Պոտօ Կլիմթի դէմ տեղի ունենալիք զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 17 օգոստոսին,...

Ծանրաբարձութիւն.  Ռուսիոյ Մարզիկներուն Արգիլուեցաւ  Մասնակցիլ Աշխարհի Ախոյեանութեան

Ծանրաբարձութիւն. Ռուսիոյ Մարզիկներուն Արգիլուեցաւ Մասնակցիլ Աշխարհի Ախոյեանութեան

Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը Ռուսիոյ ծանրաբարձներուն արգիլեց մասնակցիլ այս տարուան աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը: Վերոնշեալ կազմակերպութիւնը աւելցուց, որ կազմուած է չէզոք մարզիկներու պատուիրակութիւն մը, որուն մէջ ընդգրկուած են 12 պիելոռուս մարզիկներ: Աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4-17 սեպտեմբերին, Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ: 12 մայիսին Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկներուն արտօնած էր, չէզոք կարգավիճակի...

Աղջկանց Մոնտիալ.  Յստակացան Քառորդ Աւարտականին  Հասած Խումբերը

Աղջկանց Մոնտիալ. Յստակացան Քառորդ Աւարտականին Հասած Խումբերը

Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ տեղի ունեցող աղջկանց Մոնտիալի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան քառորդ աւարտականին հասած խումբերը: Ուրբաթ, 11 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան Սպանիա-Նետըրլանտներ եւ Ճափոն-Շուէտ հանդիպումները, իսկ շաբաթ, 12 օգոստոսին` Աւստրալիա-Ֆրանսա եւ Անգլիա-Քոլոմպիա ճակատումները: 15 եւ 16 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան կիսաւարտականի ճակատումները, 19 օգոստոսին` երրորդ դիրքի մրցումը, իսկ 20 օգոստոսին` աւարտականի ճակատումը:

Ա. Սէ. Միլան Տիրացաւ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի  Անուան Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ա. Սէ. Միլան Տիրացաւ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի Անուան Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի անուան ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Ա. Սէ. Միլան, որ փենալթիներով` 6-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոնցան. մրցումին  հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Պերլուսքոնի, որ Ա. Սէ. Միլանի նախկին նախագահն էր, իսկ վերջին տարիներուն` Մոնցայի նախագահը, մահացած էր 12 յուլիսին, 86 տարեկան հասակին: Նշենք, որ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի անուան ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը ստեղծուած էր Ա. Սէ. Միլանի...

Վուլվզ Պաշտօնանկ  Ըրաւ Խուլեն Լոփեթեկին

Վուլվզ Պաշտօնանկ Ըրաւ Խուլեն Լոփեթեկին

Անգլիական Վուլվզ ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ խումբին ղեկավարութիւնը իր պայմանագրութիւնը խզեց կազմին գլխաւոր մարզիչ սպանացի Խուլեն Լոփեթեկի հետ, նշելով, որ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւններ արձանագրուած են կարգ մը հարցերու շուրջ: Ան խումբին մարզիչ նշանակուած էր նախորդ նոյեմբերին եւ իր կազմին հետ, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին գրաւած էր դասաւորման 13-րդ դիրքը: Անոր հետ հեռացուեցան...

Անտրես Ինիեսթա Միացաւ Էմիրէյթցի

Անտրես Ինիեսթա Միացաւ Էմիրէյթցի

Քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի անցեալի անուանի նախկին միջնապահ Անտրես Ինիեսթա պայմանագրութիւն մը կնքեց Էմիրէյթցի հետ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Կողմերը իրարու հետ կնքեցին մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը` զայն տարիով մը երկարաձգելու կարելիութեամբ: Այժմ 39 տարեկան Ինիեսթա, որ Պարսելոնային մաս կազմած է 2002-2018 ժամանակամիջոցին, 2018-էն 2023 ճափոնական Վիսել Քոպէին մաս կազմելէ ետք այս ամառ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ հեռացաւ անկէ:...

Թենիս.  Սթեֆանոս Ցիցիփաս Տիրացաւ  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզի 10-րդ Տիտղոսին

Թենիս. Սթեֆանոս Ցիցիփաս Տիրացաւ Իր Արհեստավարժ Ասպարէզի 10-րդ Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին Լոս Քապոս քաղաքին մէջ (Մեքսիքա) իր աւարտին հասաւ «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-250» թենիսի միջազգային մրցաշարքը: Անիկա վերջ գտաւ, Յունաստանի ներկայացուցիչ, աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող Սթեֆանոս Ցիցիփասի յաղթանակով: Աւարտականի մրցումին 24 տարեկան Ցիցիփաս 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Ալեքս տը Մինորին, որ դասուած է 19-րդ: Այսպիսով, Ցիցիփաս տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզի 10-րդ տիտղոսին:

Թենիս.  Քարոլին Վոզնիաքիի  Յաղթական Վերադարձը

Թենիս. Քարոլին Վոզնիաքիի Յաղթական Վերադարձը

Շուրջ չորս տարի թենիսի աշխարհէն հեռու մնալէ ետք, դանիացի Քարոլին Վոզնիաքի, որ նախապէս կը գրաւէր աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքը, ունեցաւ յաղթական վերադարձ մը, երբ Մոնրէալի մէջ (Քանատա) տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ. -1000» թենիսի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Քիմպերլի Պիրելին: 3 տարի եւ 8 ամիս թենիսի դաշտերէն բացակայած 33 տարեկան Վոզնիաքի...

Սահակ Յովհաննիսեան`  ԱՊՀ-ի Երկրորդ Խաղերու Ախոյեան

Սահակ Յովհաննիսեան` ԱՊՀ-ի Երկրորդ Խաղերու Ախոյեան

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ ԱՊՀ-ի երկրորդ խաղերուն մասնակցող Հայաստանի ներկայացուցիչ Սահակ Յովհաննիսեան ըմբշամարտի 67 քկ դասակարգի մրցումներուն տիրացաւ ոսկի մետալին: Ան աւարտականին 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռուսիոյ երիտասարդական ախոյեանութեան ախոյեան եւ մեծերու փոխախոյեան Մուսլիմ Իմատիեւը: Այսպիսով, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները իրենց ելոյթները աւարտեցին` տիրանալով երկու մետալի: Յովհաննիսեանէն առաջ, Հայաստանի հաւաքականէն պրոնզ մետալի տիրացած...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Աղջկանց  Ազգային Հաւաքականը Հանդիսացաւ  Պրոնզէ Մետալակիր

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ազգային Հաւաքականը Հանդիսացաւ Պրոնզէ Մետալակիր

Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց 18 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, երրորդ դիրքի մրցումին 81-66 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անտորրային, հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հայաստանէն Լիա Կրումեան (26 կէտ): Նշենք, որ մարզիչ Վահագն Յարութիւնեանի գլխաւորած կազմը խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն յաղթեց Քոսովոյին (73-48) եւ...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականին  Մրցակիցները` Զտումի Մրցումներուն

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականին Մրցակիցները` Զտումի Մրցումներուն

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 2027-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականի մրցակիցները պիտի ըլլան Աւստրիա եւ Ալպանիա: ՖԻՊԱ-ն յայտնեց, որ զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 19-27 փետրուար 2024 եւ 18-26 նոյեմբեր 2024 ժամանակամիջոցին, իսկ Բ. հանգրուանի մրցումները` 17-25 փետրուար 2025-ին: Բ. հանգրուան կ՛անցնին իւրաքանչիւր խմբակի առաջին...

Հայկական Ֆութպոլ.  Գործող Ախոյեանը Իր Յաղթանակը  Արձանագրեց` Մրցումին  Կորսուած Վայրկեաններուն

Հայկական Ֆութպոլ. Գործող Ախոյեանը Իր Յաղթանակը Արձանագրեց` Մրցումին Կորսուած Վայրկեաններուն

Ուրարտու-Արարատ Արմենիա մրցումով, աւարտեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 32-րդ ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի մրցումները: Հայաստանի Ֆութպոլի գործող ախոյեան եւ բաժակակիր Ուրարտու արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը (2-1)` իր յաղթական կոլը նշանակելով մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ), շնորհիւ ռուս Թեմուր Ջիկիանի: Նշենք, որ Ա. հանգրուանի բացման մրցումներուն, Ուրարտու նոյն արդիւնքով յաղթած էր Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին, մինչ Արարատ Արմենիա` Արարատին (3-1): Այս հանգրուանի ծիրին...

Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէն  Փարիզի Ողիմպիական Խաղերուն  Մասնակցելու Հրաւէր Ստացաւ

Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Փարիզի Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցելու Հրաւէր Ստացաւ

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախի ստորագրութիւնը կրող յատուկ վկայագիրով մը, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն, 2024-ի 33-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու պաշտօնական հրաւէր մը ստացաւ: Ողիմպիական խաղերուն բացումը տեղի պիտի ունենայ 26 յուլիս 2024-ին, Փարիզի «Սթատ Տը Ֆրանս» մարզադաշտին մէջ, մինչ անոր փակումը տեղի պիտի ունենայ 11 օգոստոսին: Նշենք, որ ցարդ Հայաստան ունի Փարիզ-2024-ի մէկ տոմս, այդ ալ շնորհիւ` Էլմիրա...

Արսենալ Հանդիսացաւ Անգլիոյ  Ֆութպոլի Գերբաժակակիր

Արսենալ Հանդիսացաւ Անգլիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի «Քոմիւնիթի Շիլտ»-ի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ բաժակակիր Մանչեսթըր Սիթի եւ փոխախոյեան Արսենալ: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, որմէ ետք ուղղակիօրէն դիմուեցաւ փենալթիներուն: Մարզիչ Միկել Արթեթայի գլխաւորած կազմը` Արսենալ հանդիսացաւ տիտղոսակիր, փենալթիներով արձանագրելէ ետք 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, պարտութեան մատնելով Եոսիփ...

Պայէրն Միւնիխի Բերդապահը  Տեղափոխուեցաւ Ինթեր Միլան

Պայէրն Միւնիխի Բերդապահը Տեղափոխուեցաւ Ինթեր Միլան

Զուիցերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Եան Սոմեր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ինթեր Միլանի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 34 տարեկան բերդապահը, որ Պայէրն Միւնիխէն տեղափոխուեցաւ միլանեան ակումբ, ստորագրեց երկու տարուան պայմանագրութիւն մը: 2022-ին Պորուսիա Մէօնշընկլատպախէն Պայէրնին միացած Սոմեր 2022-2023 տարեշրջանին 36 մրցումի ընթացքին իր կազմէն ներս ստացաւ 45 կոլ: Նշենք, որ այս ամառ, Ինթերէն հեռացաւ...

«Բացէ՛ք Բերձորի Ճանապարհը».  Արթուր Աբրահամին Կոչը ՄԱԿ-ին  Եւ Քաղաքակիրթ Աշխարհին

«Բացէ՛ք Բերձորի Ճանապարհը». Արթուր Աբրահամին Կոչը ՄԱԿ-ին Եւ Քաղաքակիրթ Աշխարհին

Արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. Օ.»-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ, ՄԱԿ-ին եւ քաղաքակիրթ աշխարհին կոչ ուղղեց միջամտելու` վերջ տալու համար Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին: «12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած է ծանր ճգնաժամ` Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին փակման պատճառով: «Բերձորի միջանցքը Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին եւ ամբողջ աշխարհին կապող կեանքի միակ ճանապարհն է: «120...

Պոլիս.  Գոռ Բունիաթեան` Աշխարհի Ազատ Ոճի  Ըմբշամարտի Պատանեկան  Ախոյեանութեան Արծաթէ Մետալակիր

Պոլիս. Գոռ Բունիաթեան` Աշխարհի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Պատանեկան Ախոյեանութեան Արծաթէ Մետալակիր

Պոլսոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գոռ Բունիաթեան 45 քկ դասակարգի մրցումներուն հանդիսացաւ փոխախոյեան: Հայրենի ըմբիշը, որ աւարտականին մրցեցաւ իրանցի Ֆարհաթ Խաթերի դէմ, անկէ կրեց 11-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Նշենք, որ նախքան իր այս ճակատումը կատարելը, Բունիաթեան արձանագրած էր երեք յաղթանակ: 51 քկ դասակարգի երրորդ դիրքի մրցումին, Սաշա Պետրոսեան յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ...

Սամպօ.  Հայրենի Մարզիկները Տիրացան 4 Ոսկի,  1 Արծաթ Եւ 3 Պրոնզ Մետալի` Երեւանի Մէջ

Սամպօ. Հայրենի Մարզիկները Տիրացան 4 Ոսկի, 1 Արծաթ Եւ 3 Պրոնզ Մետալի` Երեւանի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի անուան սամպոյի միջազգային մրցաշարքը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 22 երկիրներէ 72 մարզիկներ, մինչ անոր մրցանակային հիմնադրամն էր 200 հազար ամերիկեան տոլար: Այս մրցաշարքին Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան 4 ոսկի, 1 արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալի: Ոսկի մետալի տիրացան` Դաւիթ Յովսէփեան, Մաքսիմ Մանուկեան, Վահագն Խանջեան եւ Արսէն...

Page 269 of 1280 1 … 268 269 270 … 1,280

Արխիւներ