Հայաստանի ներկայացուցիչ Մերի Թումասեան, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` 87 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ:
23 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, հայ մարզիկը երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 208 քկ արդիւնք մը (93+115):
Ան երկամարտի մրցումներուն 32 քիլոկրամով զիջեցաւ ախոյեանի կոչումին տիրացած աւստրիացի Սառա Ֆիշերին:


