Մարզական

Հայկական Պասքեթպոլ.  Արթիկ` Ա. Լիկայի Կանոնաւոր  Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Հայկական Պասքեթպոլ. Արթիկ` Ա. Լիկայի Կանոնաւոր Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. Լիկայի տղոց կանոնաւոր ախոյեանութեան տիտղոսակիր հանդիսացաւ Արթիկ, որ աւարտականի մրցումին 95-86 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուրարտուն: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արթիկէն Խաւիեր Ուոմաք (24 կէտ եւ 22 ռիպաունտ): Երրորդ դիրքի մրցումին, Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը 94-91 արդիւնքով յաղթեց Դուինին: Մրցանակակիրները պարգեւատրուեցան Ա. Լիկայի նախագահ Արա Պօղոսեանի կողմէ: Նշենք, որ Գոռ Մինասեանի գլխաւորած կազմը` Արթիկ, նախապէս տիրացած էր...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ազգային  Հաւաքականը 75-45 Արդիւնքով Յաղթեց Մոլտովային

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ազգային Հաւաքականը 75-45 Արդիւնքով Յաղթեց Մոլտովային

Եւրոպայի պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի  ազգային հաւաքականը իր ելոյթները սկսաւ յաղթանակով, երբ իր կատարած առաջին մրցումին 75-45 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոլտովան: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հայաստանէն Անի Մկրտչեան (22 կէտ եւ 6 ռիպաունտ): Հայրենի կազմին երկրորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Քոսովօ:  

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Պատանեկան  Ախոյեանութիւն.  Էտկար Պետրոսեան Եւ Էրիկ  Տէր Մաթեւոսեան` Պրոնզէ Մետալակիրներ

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Էտկար Պետրոսեան Եւ Էրիկ Տէր Մաթեւոսեան` Պրոնզէ Մետալակիրներ

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի պատանեկան (17 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ Էտկար Պետրոսեան (48 քկ) եւ Էրիկ Տէր Մաթեւոսեան (80 քկ) տիրացան պրոնզ մետալներու: Պրոնզէ մետալին համար մղուած պայքարին Պետրոսեան յաղթեց գերմանացի իր մրցակիցին` Իվան Սիպելին, իսկ Տէր Մաթեւոսեան` յոյն Էլեֆթերիոս Փափասին: Նախքան իր վերջին յաղթանակը արձանագրելը, Տէր Մաթեւոսեան պարտութեան մատնած էր ազրպէյճանցի Էլմին Ալիեւը:...

Արսէն Զախարեանի Փոխանցումը  Լացիօ Ռոմա` Ձախողեցաւ

Արսէն Զախարեանի Փոխանցումը Լացիօ Ռոմա` Ձախողեցաւ

Տինամօ Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արսէն Զախարեան պիտի չտեղափոխուի հռոմեան Լացիօ Ռոմա, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Լացիօ Ռոմա հրաժարեցաւ 20 տարեկան ֆութպոլիստը իր կազմին միացնել` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛ուզէ աւելի փորձառու խաղացողով մը փոխարինել խումբէն հեռացած սերպ միջնապահ Սերկէյ Միլինքովիչ-Սաւիչը: Նախապէս կը նշուէր, որ հռոմեան ակումբը պատրաստ է մինչեւ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Փիւնիկ-Երեւան, Արարատ-Արմենիա, Նոա, Ուրարտու Եւ Շիրակ 2023-2024 Տարեշրջանը Սկսան Յաղթանակով

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ-Երեւան, Արարատ-Արմենիա, Նոա, Ուրարտու Եւ Շիրակ 2023-2024 Տարեշրջանը Սկսան Յաղթանակով

Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկ-Երեւան, որ հիւրը եղաւ Ալաշկերտին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմին կոլերը նշանակեցին միջնապահներ Էտկար Մալաքեան (37-րդ` փենալթիով) եւ Յովհաննէս Յարութիւնեան (77-րդ): Հիւրընկալ կազմին մէկ մարզիկը` Միմիթօ, 76-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Արարատ, որ հիւրընկալեց Արարատ-Արմենիան, կրեց 3-1...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20 Եւ 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Սուրէն Գրիգորեան` Երկամարտի Ոսկիէ Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20 Եւ 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Սուրէն Գրիգորեան` Երկամարտի Ոսկիէ Մետալակիր

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Սուրէն Գրիգորեան Հայաստանին ապահովեց երրորդ ոսկի մետալը: 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 89 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչը երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 341 քկ արդիւնք մը (150+191): Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 20 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, 81 քկ դասակարգին մէջ Էմմա Պօղոսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով...

ՖԻՏԷ.  Հայաստան Ունի Երեք Ներկայացուցիչ` Առաջին Հարիւրին Մէջ

ՖԻՏԷ. Հայաստան Ունի Երեք Ներկայացուցիչ` Առաջին Հարիւրին Մէջ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ի կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, աշխարհի 16-րդ ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2835 կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ է ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա (2787), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ այլ ամերիկացի մը` Ֆապիանօ Քարուանա (2782): Աշխարհի նորընծայ ախոյեան, չինացի Տինկ Լիրեն կը գրաւէ չորրորդ դիրքը, մինչ Հայաստանի նախկին յառաջատար, այժմ Միացեալ...

Պոլիս.  Կարապետեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի, Իսկ Պետրոսեան` Իր Թուրք Մրցակիցին

Պոլիս. Կարապետեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի, Իսկ Պետրոսեան` Իր Թուրք Մրցակիցին

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան (17 տարեկանէն վար), Հայաստանի ներկայացուցիչ Էտկար Պետրոսեան ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: 48 քկ դասակարգի մրցումներուն, հայրենի ըմբիշը 7-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր թուրք մրցակիցը` Ապտուլ Սամատ Ուճարը: Քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 55 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Եուրի Կարապետեան: Մեկնարկային մրցումներուն, ան 5-2 արդիւնքով յաղթեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին`...

Լուքաս Սելարայեան Տեղափոխուեցաւ Սէուտական Արաբիա

Լուքաս Սելարայեան Տեղափոխուեցաւ Սէուտական Արաբիա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Լուքաս Սելարայեան ամերիկեան Քոլամպուս Քրույէն տեղափոխուեցաւ սէուտական Ֆաթըհ, այս մասին յայտնեց արաբական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 31 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2026: Ֆաթըհ պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Սելարայեանը ներկայացուց իբրեւ արժանթինցի ֆութպոլիստ: Սելարայեան, որ յունուար 2020-էն ի վեր մաս կը կազմէ ամերիկեան ակումբին, 107 մրցումի ընթացքին նշանակեց 42 կոլ եւ կատարեց 23 էսիսթ:...

Ինթեր Միլան 2-1 Արդիւնքով Յաղթեց Փարիզ Սեն Ժերմենին

Ինթեր Միլան 2-1 Արդիւնքով Յաղթեց Փարիզ Սեն Ժերմենին

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Ինթեր Միլան, որ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ մրցեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին բոլոր կոլերն ալ նշանակուեցան Բ. կիսախաղին: Ֆրանսական կազմին կոլը նշանակեց փորթուգալցի միջնապահ Վիթինիա, մինչ Իտալիոյ բաժակակիրին կոլերը` իտալացիներ յառաջապահ Սեպասթիանօ Էսփոսիթօ (81-րդ) եւ միջնապահ Սթեֆանօ Սենսի (83-րդ): Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ...

Էտինսոն Քաւանի Տեղափոխուեցաւ Պոքա Ժունիորզ

Էտինսոն Քաւանի Տեղափոխուեցաւ Պոքա Ժունիորզ

Ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի, միացաւ Պոքա Ժունիորզի, այս մասին յայտնեց արժանթինեան ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան իր նոր ակումբին հետ դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 10 մարզաշապիկով: Նախորդ ամիս ուրուկուէյցի ֆութպոլիստն ու անոր նախկին ակումբը Վալենսիա իրենց համագործակցութիւնը դադրեցուցին իրարու հետ: Նախորդ տարեշրջանին Քաւանի իր կազմին հետ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց երկու էսիսթ:  

Լացիօ Ռոմա Եւ Փետրօ Ստորագրեցին Նոր Պայմանագրութիւն Մը

Լացիօ Ռոմա Եւ Փետրօ Ստորագրեցին Նոր Պայմանագրութիւն Մը

Իտալական Լացիօ Ռոմա եւ սպանացի յառաջապահ Փետրօ ստորագրեցին նոր պայմանագրութիւն մը, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 35 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024: Փետրօ, որ օգոստոս 2021-ին միացաւ հռոմեան ակումբին, անոր հետ ընդամէնը կատարեց 87 մրցում, նշանակեց 17 կոլ եւ կատարեց 11 էսիսթ:  

Տաւիտ Սիլվա Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Տաւիտ Սիլվա Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Սպանական Ռէալ Սոսիետատի միջնապահ Տաւիտ Սիլվա իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 37 տարեկան ֆութպոլիստը, ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք, որոշեց չշարունակել իր ասպարէզը: Սիլվա, որ օգոստոս 2020-էն ի վեր մաս կը կազմէ պասքեան ակումբին, նախապէս մաս կազմած է նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի, Վալենսիայի, Սելթա Վիկոյի եւ Էյպարի: Իսկ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան...

Եորտի Ալպա Միացաւ Ինթեր Մայեմիի

Եորտի Ալպա Միացաւ Ինթեր Մայեմիի

Քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին յետսապահ Եորտի Ալպա միացաւ Ինթեր Մայեմիի, այս մասին յայտնեց ամերիկեան ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան իր նոր կազմին հետ դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 18 մարզաշապիկով: 34 տարեկան Ալպա Պարսելոնային մաս կազմեց 2012-էն 2023, որմէ ետք, նախորդ յունիսին իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ հեռացաւ խումբէն: Իր նոր ակումբին հետ ան իրեն խմբակից պիտի ունենայ Պարսելոնայի իր նախկին խմբակիցները` Լիոնել Մեսսի...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  Ախոյեանութիւնղ  Ռաֆիկ Յարութիւնեան Հանդիսացաւ  Եւրոպայի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւնղ Ռաֆիկ Յարութիւնեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Հայաստան շարունակելով իր յաջող ելոյթներու շարքը, տիրացաւ յաւելեալ մետալներու: 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Ռաֆիկ Յարութիւնեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 330 քկ արդիւնք մը (150+180) հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Իսկ Կարէն Մարգարեան արձանագրելով 323 քկ արդիւնք մը (145+178) հանդիսացաւ փոխախոյեան:      

Համահայկական Ամառնային  8-րդ Խաղերուն Վիճակաձգութիւնը

Համահայկական Ամառնային 8-րդ Խաղերուն Վիճակաձգութիւնը

Շիրակի մարզպետ Մուշեղ Մուրադեանի յանձնարարութեամբ, Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան, մարզական շքերթի, Շիրակի մարզ այցելող հիւրերը յաւուր պատշաճի դիմաւորելու եւ այլ նախապատրաստական աշխատանքները կազմակերպելու նպատակով, Շիրակի մարզպետի տեղակալ Աննա Մարտիկեանի գլխաւորութեամբ ձեւաւորուեցաւ աշխատանքային խմբակ մը: Ապա, Գիւմրի համայնքի ճատրակի մարզադպրոցին մէջ կատարուեցան Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկուած խմբային մրցումներու մարզաձեւերուն նախնական հանգրուանի խմբային մրցումներուն վիճակահանութիւնները եւ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը  Դարձաւ Պրոնզէ Մետալակիր

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Դարձաւ Պրոնզէ Մետալակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Ռումանիոյ Եաս քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի պատանեկան խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի տղոց հաւաքականը: 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումին, Հայաստան 3-1 արդիւնքով յաղթելով Ռումանիոյ Ա. խումբին եւ ապահովելով մրցաշարքի իր 10-րդ կէտը, դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: Բոլոր մրցումներուն արդիւնքները նկատի առնելով` Հայաստանի կազմին մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Արսէն Դաւթեան, որ իր կատարած 6...

Ռուսական Ֆութսալ.  Նայիր Տիկնիզեան Մրցանիշ Մը  Հաստատեց

Ռուսական Ֆութսալ. Նայիր Տիկնիզեան Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեանի նշանակած կոլը յաղթանակ պարգեւեց անոր ակումբին` Լոքոմոթիւ Մոսկուայի, Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն գծով: 24 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Ուրալ Եքաթերինպուրկի դէմ դաշտ ներկայացաւ Բ. կիսախաղի մեկնարկէն առաջ, նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը` 49-րդ վայրկեանին (2-1): Նշենք, որ հայրենի ֆութպոլիստը Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումին Ռուպին Քազանի դէմ նշանակած...

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր.  Գէորգ Մխէեան Ոսկիէ Մետալակիր,  Իսկ Ռազմիկ Սիմոնեան` Արծաթէ Մետալակիր

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր. Գէորգ Մխէեան Ոսկիէ Մետալակիր, Իսկ Ռազմիկ Սիմոնեան` Արծաթէ Մետալակիր

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշները աւարտեցին իրենց ելոյթները Քինշասայի մէջ (Քոնկօ) տեղի ունեցող Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն: Գէորգ Մխէեան (70 քկ) աւարտական մրցումին 4-1 արդիւնքով յաղթելով Ֆրանսան ներկայացնող Մոհամետ Սանկարիեւին, դարձաւ ոսկիէ մետալակիր: Իսկ Ռազմիկ Սիմոնեան (79 քկ) աւարտականին 7-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Քոնկոյի ներկայացուցիչէն տիրացաւ արծաթ մետալին: Անոնցմէ առաջ ոսկիէ մետալակիր դարձած էր Վրէժ Գէորգեան (61քկ), արծաթէ մետալակիր` Հրաչեայ Մարգարեան...

Կռփամարտ. Եւրոպայի  Ախոյեանութիւն.  Վաղարշակ Քէյեան Եւ Տիգրան  Յովսէփեան` Ոսկիէ Մետալակիրներ

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Վաղարշակ Քէյեան Եւ Տիգրան Յովսէփեան` Ոսկիէ Մետալակիրներ

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի աւագ տարիքի կռփամարտի պատանիներու ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի 9 ներկայացուցիչներէն երկուքը, Եւրոպայի գործող ախոյեան Վաղարշակ Քէյեան (48 քկ) եւ Տիգրան Յովսէփեան (50 քկ) յաղթանակ արձանագրելով հռչակուեցան Եւրոպայի ախոյեան: Քէյեան յաղթեց իտալացի Անթոնի Մոյեթի, իսկ Յովսէփեան` Օսքար Կրոցիցքի (Լեհաստան): Աւարտականի մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Արէն Խառատեան (52 քկ), Սպարտակ Նահապետեան (57 քկ), Անդրանիկ Մարտիրոսեան (60...

Page 271 of 1280 1 … 270 271 272 … 1,280

Արխիւներ