Պաքուի մէջ աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին մասնակցելու համար Ազրպէյճան հասած ամերիկացի կրանտմասթըր, միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Հիքարու Նաքամուրա (2787) իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ըսաւ.
«Վերջապէս հասայ Պաքու` մասնակցելու աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:
«Բայց բաղնիքին մէջ լոգանքի ջուր չկար»:
«Գերազանց սկիզբ…»:
Մինչեւ 24 օգոստոս տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին, որ սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի ներկայացուցիչները չեն մասնակցիր: