Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ 2023-ի աշխարհի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:
Անիկա նախատեսուած է կայացնել նոյեմբեր-դեկտեմբերին, թէեւ մօտիկ ապագային շուտով պիտի հրապարակուի ճշգրիտ թուական մը:
Նշուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 80-100 երկիրներ:
2022-ին Հայաստան առաջին անգամ հիւրընկալած էր Եւրոպայի կռփամարտի մեծերու ախոյեանութիւնը, իսկ նախորդ մայիսին` Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութիւնը: