Ուրարտու-Ֆարուլ Քոնսթանա մրցումին, որ կ՛իյնայ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, ռումանական կազմին համակիրները Ուրարտուի մարզադաշտին մէջ պարզեցին պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Արցախը Հայաստան է»:
Հիւր կազմին համակիրները այս ձեւով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախին:
Նշենք, որ զտումի Գ. հանգրուան հասնող խումբը հանդիսացաւ Ֆարուլ-Քոնսթանա:


