Քինշասայի մէջ (Քոնկօ) տեղի ունեցող Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն, աղջկանց պասքեթպոլի մրցաշարքին գծով Լիբանանի 25 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն մրցեցաւ Քոնկօ Պրազավիլի դէմ, իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ 77-46 արդիւնքով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Նախքան նաք աութի դրութեամբ տեղի ունեցող այս մրցումներուն սկսիլը, Լիբանան գրաւած էր Ա. խմբակին (ընդամէնը` երեք խմբակ) պարագլուխի դիրքը:
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, Լիբանանի ազգային խումբը կը մնայ անպարտելի:
Այս խաղերուն մասնակցող բոլոր երկիրներն ալ իրենց պասքեթպոլի ազգային խումբերով կը մասնակցին պասքեթպոլի մրցաշարքին:


