Չինաստանի Շենկտու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային ուսանողական խաղերուն, Հայաստան տիրացաւ իր երկրորդ մետալին:
1500 մեթրի վազքի մրցումներուն, Երուանդ Մկրտչեան տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Նշենք, որ ան զտումի մրցումները յաղթահարած էր` գրաւելով առաջին դիրքը:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի աթլեթիզմի պատմութեան մէջ այս մետալը առաջինն էր` ուսանողական խաղերուն գծով:
Հայաստանի առաջին մետալը (պրոնզ) այս խաղերուն ապահոված էր Ժիրայր Պետրոսեան` Ուու-Շուի մրցումներուն:


