Հայաստանի ժիւտոյի երիտասարդական հաւաքականի անդամ Աշիկ Անդրէեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Քոնկոյի մայրաքաղաք Քինշասայի մէջ տեղի ունեցող ֆրանսախօս երկիրներու 9-րդ խաղերուն, նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ ոսկի մետալի` 60 քկ դասակարգին մէջ:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Ռիմա Խլղաթեան, փինկ փոնկի մրցումներուն տիրացաւ պրոնց մետալին:
Իր կարգին, պրոնզ մետալի տիրացաւ Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականի անդամ Լեւոն Աղասեան, որ երեք քայլ ոստումի մրցումներուն արձանագրեց 16,40 մեթր արդիւնք մը:
Անոնցմէ առաջ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշները տիրացած էին երկու ոսկի, երկու արծաթ եւ պրոնզ մետալի մը:


