Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան Գ. դասակարգի Բ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 73-48 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քոսովոն:
Հայաստանի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Աւա Օնիլ (26 կէտ եւ 8 ռիպաունտ):
Նշենք, որ Հայաստան մրցաշարքը սկսած էր յաղթանակով` 75-45 արդիւնքով յաղթելով Մոլտովային:
Մարզիչ Վահագն Յարութիւնեանի գլխաւորած կազմը իր երրորդ մրցումը կը կատարէ Ալպանիոյ դէմ: