Պոլսոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Բրոյեան, որ 51 քկ դասակարգի աւարտականի մրցումին մրցեցաւ չէզոք դրօշի տակ հանդէս եկող Իլիա Քանտալինի դէմ, անկէ պարտութիւն մը կրելով հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Նախքան աւարտականին հասնիլը, Բրոյեան յաղթած էր իր իրանցի, խըրխըզ եւ հնդիկ մրցակիցներուն:
45 քկ դասակարգին մէջ, Եուրիկ Մխիթարեան 90 արդիւնքով յաղթելէ ետք վրացի Նիքա Ցեցխլացէին, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Նախապէս, Հայաստանի համար պրոնզէ մետալներ ապահոված էին Էտկար Պետրոսեան (48 քկ) եւ Էրիկ Տէր Մաթեւոսեան (80 քկ):


