Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան, «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, որ հիւրընկալեց շուէտական Քալմարը, անոր դէմ դարձեալ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Եղիշէ Մելոքեանի գլխաւորած կազմին կոլերը նշանակեցին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արտակ Դաշեան (75-րդ) եւ Յովհաննէս Յարութիւնեան (77-րդ):
Զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի 15-ակի ախոյեանը պիտի մրցի նորվեկիական Պոտօ Կլիմթի դէմ:
Գ. հանգրուանի երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 10 օգոստոսին, մինչ դարձի մրցումները` շաբաթ մը ետք:
Նշենք սակայն, որ Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները` Ուրարտու, Արարատ-Արմենիա եւ Ալաշկերտ-Երեւան, չկրցան յաղթահարել այս արգելքը եւ դուրս մնացին մրցաշարքէն:


