Մարսէյի Մարզիչ Նշանակուած Կենարօ Կաթուզօ Ունեցաւ Անյաջող Մեկնարկ Մը
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Մարսէյ յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց խումբին նոր մարզիչը՝ 45 տարեկան իտալացի Կենարօ Կաթուզոն: Կաթուզօ, որ փոխարինեց այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ընդամէնը եօթը մրցում կատարած 58 տարեկան սպանացի Մարսելինօ Կարսիա Թորալը, մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: Նշենք, որ ան նախապէս եղած է զուիցերիական Սիոնի, իտալական Փալերմոյի, Փիցայի, Ա. Սէ....




















