«ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ ՔԱՓ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին իրարու դէմ մրցեցան Ինթեր Մայեմի եւ Հիւսթըն Տինամօ:
Ինթեր Մայեմի, որ իր այս մրցումը կատարեց առանց արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի, չյաջողեցաւ տիրանալ տիտղոսին` կրելով 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Վիրաւոր Մեսսի այսպիսով յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով բացակայեցաւ իր կազմին կատարած մրցումներէն:
Նախորդ երկու մրցումներուն Տէյվիտ Պեքհամի ակումբը` Ինթեր Մայեմի, չէր յաջողած յաղթանակ արձանագրել, ապահովելով միայն կէտ մը:
Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Ինթեր Մայեմի, որ այժմ արեւելեան շրջանին մէջ 32 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը, այս շաբաթավերջին պիտի մրցի Նիւ Եորք Սիթիին դէմ: