Միջազգային ֆութպոլի ֆետերասիոնին` ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, դիրքով մը նահանջելով յայտնուեցաւ 91-րդ դիրքին վրայ:
Հաւաքականին վարկանշային կէտերը աւելնալով 1,87-ով կազմեցին 1254,47 կէտ:
Սեպտեմբեր 21-ի դրութեամբ Արժանթին կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ անոր կը յաջորդեն Ֆրանսա եւ Պրազիլ: