Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին, Նիւքասըլ Եունայթըտ 8-0 արդիւնքով ջախջախեց Շեֆիլտ Եունայթըտը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, անիկա «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ ութ տարբեր խաղացողներ մրցումի մը ընթացքին կոլ նշանակեցին մրցակիցին բերդին մէջ:
Ասկէ բացի, Նիւքասըլ կրկնեց իր իսկ հաստատած մրցանիշը, երբ 1999-ին, նոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Շեֆիլտ Ուենզտէյի դէմ: