Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանի 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ուրարտու Արմաւիրի մէջ հիւրընկալեց Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբ խումբը:
Առ ի զօրակցութիւն Արցախին, Ուրարտուի ֆութպոլիստները մարզադաշտ մուտք գործեցին Արցախի դրօշներով յատուկ մարզաշապիկներով:
«Մենք Արցախի կողքին ենք», գրուած էր անոնց մարզաշապիկներուն վրայ:
Նշենք, որ մրցումը վերջ գտաւ Ուրարտուի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
Մրցումին երեք կոլերէն երկուքը նշանակուեցան փենալթիով:
Ուրարտուի փենալթին նշանակեց Արազ Օզպիլիս, իսկ հիւր կազմին փենալթին` Պետրոսեան: