Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Սէուտական Արաբիոյ Նասըրի 38 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, հանդիսացաւ պատմութեան առաջին ֆութպոլիստը, որ արհեստավարժ մակարդակի վրայ իր 1000-րդ մրցումը կը կատարէ… առանց պարտութեան, այս մասին յայտնեց Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը («ԱՅ. ԷՖ. ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՍ.»):
Անոր 1000-րդ մրցումը հանդիսացաւ իրանեան Փերսեփոլիսի դէմ մրցումը, որ կ՛իյնայ ասիական «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Իրանեան կազմին դէմ արձանագրուած յաղթանակէն ետք (2-0), Ռոնալտօ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին այսպիսով արձանագրած եղաւ 776 յաղթանակ` 224 հաւասարութեան կողքին:
Նշենք, որ նախորդ յունուարին Նասըր տեղափոխուած Ռոնալտօ իր կազմին հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 2025 թուականը: