Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին, Լոքոմոթիւ Մոսկուա, որ հիւրը եղաւ ախոյեան Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկին, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին յաղթանակի կոլը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեան (90+1-րդ):
Նշենք, սակայն, որ Տիկնիզեան մրցումը չկրցաւ շարունակել` նկատի ունենալով, որ ան իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով հեռացուեցաւ օրուան իրաւարարին կողմէ (90+6-րդ):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Էտկար Սեւիկեան, իր կարգին դարձաւ կոլի հեղինակ, երբ Օրեպուրկի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (3-1) նշանակեց Փարի Նիժնի Նովկորոտի երկրորդ կոլը (53-րդ):