Ռուսական Փարի Նիժնի Նովկորոտի յառաջապահ Էտկար Սեւիկեան հրաւէր ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականէն, այս մասին յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սեւիկեան Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի կազմին պիտի միանայ 9-18 հոկտեմբերին:
Ան ուքրանացի Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմին հետ 12 հոկտեմբերին պիտի մասնակցի Լիթուանիոյ դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի զտումի մրցումին, մինչ 17 հոկտեմբերին պիտի մասնակցի Հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ կատարուելիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին: