«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 2024 տարուան գերբաժակի մրցաշարքին վայրը յայտարարուեցաւ. անիկա տեղի պիտի ունենայ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ գտնուող «Նեշընըլ» մարզադաշտին մէջ:
Վերոնշեալ մարզադաշտին մէջ, իրարու դէմ պիտի մրցին 2023-2024 տարեշրջանի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի մրցաշարքերուն տիտղոսակիրները:
Նշենք, որ 2023-2024 տարեշրջանի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ, մինչ «Եուրոփա Լիկ»-ի աւարտականի մրցումը` Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի «Աւիւա» մարզադաշտին մէջ: