Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, իր դաշտին` «Փարք տը Փրենս»-ի մէջ հիւրընկալեց Մարսէյը:
«Քլասիքօ»-ի այս մրցումը աւարտեցաւ մայրաքաղաքի կազմին ջախջախիչ յաղթանակով` 4-0 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց փորթուգալցի յառաջապահ Կոնզալօ Ռամոս (47-րդ եւ 89-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին մարոքցի յետսապահ Աշրաֆ Հաքիմի (8-րդ) եւ ֆրանսացի յառաջապահ Ռանտալ Քոլօ Մուանի (37-րդ):
Նշենք, որ մրցումին 32-րդ վայրկեանին, ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ վիրաւորուելով փոխարինուեցաւ նոյնինքն Ռամոսով:
Այս հանգրուանէն ետք, Պրեսթ 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Նիս (12 կէտ) եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն (11 կէտ):
Մարսէյ 9 կէտով կը գտնուի 7-րդ դիրքին վրայ: