Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մամիկոն Ղարիբեան, որ արձանագրեց իր 5-րդ յաջորդական հաւասարութիւնը` Սաւա Վեթոխինի (Ռուսիա) հետ, այժմ 3,5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 18-39-րդ դիրքերը:
Աղջկանց մրցումներուն, Մարիամ Մկրտչեան 5-րդ հանգրուանին պարտուեցաւ ամերիկացի Քարիսա Եիպէն, որ հնդիկ Ռաւի Ռաքշիթայի դէմ 4,5 կէտով կը բաժնէ առաջին դիրքը. Մկրտչեան 4 կէտով երրորդ դիրքին վրայ է:
5-րդ հանգրուանին պարտութիւն կրեց նաեւ Ասիա Եդիգարեան` քանատացի Սվեթլանա Տեմչենքոյէն:
Ասիա Եդիգարեան այժմ 2,5 կէտով կը բաժնէ 37-45-րդ դիրքերը: