Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ռոպերթ Արզումանեան հեռացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Նոա ակումբէն:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահը Նոայի գլխաւոր մարզիչ նշանակուած էր նախորդ տարուան օգոստոսին:
Արզումանեան նախապէս գլխաւորած է նաեւ Ուրարտու ֆութպոլի ակումբը:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանի 10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Նոա 15 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը: