Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մամիկոն Ղարիբեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց հունգարացի Կլեպ Տուտինի հետ:
Ղարիբեան այժմ 6 կէտով կը բաժնէ 4-10-րդ դիրքերը, մինչ 6,5-ական կէտով յառաջատարներն են ֆրանսացի Մաուրիցի, քոլոմպիացի Աւիլա Փաւաս եւ նոյնինքն Տուտին:
Աղջկանց ախոյեանութեան գծով, Մարիամ Մկրտչեան, որ ճերմակ քարերով պարտութեան մատնեց քանատացի Սվեթլանա Տեմչենքոն, այժմ 6 կէտով կը բաժնէ 4-6-րդ դիրքերը:
Հայաստանի երրորդ եւ վերջին ներկայացուցիչը` Ասիա Եդիգարեան, որ սեւ քարերով պարտութեան մատնեց ռուս Թաթիանա Կեթմանը, այժմ 4 կէտով կը բաժնէ 35-48-րդ դիրքերը:
Նշենք, որ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երեք հանգրուան: