Ռուսական Քեմերեւօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ ժիւտոյի ախոյեանութեան, ախոյեան հանդիսացաւ հայազգի Արմէն Աղայեան, այս մասին յայտնեց ռուսական մարզական մամուլը:
Աւարտականին Աղայեան յաղթելէ ետք Ապուպաքար Իսայեւին, այսպիսով յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Ռուսիոյ ախոյեան, 73 քկ դասակարգին մէջ:
Նոյն այս դասակարգին մէջ, պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Կարէն Գալստեան: