Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա 2022-2023 տարեշրջանին ապահովեց 304 միլիոն եւրոյի զուտ շահ մը` իր տուրքերը վճարելէ ետք, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Պարսելոնայի եկամուտը կը նկատուի մրցանշային 351 միլիոն եւրօ (+43 տոկոս` նախորդ տարուան համեմատ):
Նշուեցաւ, որ հովանաւորող ընկերութիւններէն անոր ստացած գումարը կազմած է շուրջ 200 միլիոն եւրօ:
«Պարսա Սթորզ»-ի առեւտրական ցանցին եկամուտը հասած է 100 միլիոն եւրոյի, ինչ որ դարձեալ մրցանշային ցուցանիշ է: