Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Մարսէյ յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց խումբին նոր մարզիչը՝ 45 տարեկան իտալացի Կենարօ Կաթուզոն:
Կաթուզօ, որ փոխարինեց այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ընդամէնը եօթը մրցում կատարած 58 տարեկան սպանացի Մարսելինօ Կարսիա Թորալը, մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Նշենք, որ ան նախապէս եղած է զուիցերիական Սիոնի, իտալական Փալերմոյի, Փիցայի, Ա. Սէ. Միլանի, Նափոլիի, ինչպէս նաեւ սպանական Վալենսիայի մարզիչ:
Իտալացին իր նոր ակումբին հետ ունեցաւ անյաջող մեկնարկ մը, երբ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մոնաքոյի դաշտին վրայ:
Մարսէյի համար այս պարտութիւնը եղաւ տարեշրջանի երկրորդը:
Երկրին գործող ախոյեանը՝ Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Քլերմոն Ֆութին, անոր հետ արձանագրեց ճերմակ հաւասարութիւն մը: