«Ծաղկաձոր Օփըն-2023» ճատրակի միջազգային Ա. մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ, տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Ապհիմանիու Փուրանիկ, մինչ անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Պետրոսեան, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց այլ հնդիկ մը` Կրիշնան Սաշիքիրա:
Տրուեցան նաեւ տարբեր տեսակի մրցանակներ, որոնց կարգին` լաւագոյն վեթերան խաղացող, լաւագոյն 18 տարեկանէն վար խաղացող, լաւագոյն կին խաղացող եւ այլն:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՖԻՏԷ-ին անդամակցած 12 ֆետերասիոններէ 235 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 22 կրանտմասթըրներ, 22 միջազգային վարպետներ եւ 24 ՖԻՏԷ-ի վարպետներ: