Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Կիրոնա շարունակելով իր յաղթական ընթացքը, արձանագրեց տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Վիարէալը:
Այսպիսով, քաթալոնական Կիրոնա իր տրամադրութեան տակ ունենալով 19 կէտ, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գրաւեց «Լա Լիկա»-ի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ (որ կրած է պարտութիւն մը) ունի 18 կէտ, մինչ Պարսելոնա, որ Կիրոնայի նման ցարդ պարտութիւն չկրած երկրորդ խումբն է, 17 կէտով կը գտնուի երրորդ դիրքին վրայ:
Նշենք, որ 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 30 սեպտեմբերին Կիրոնա պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը: