Մարզական

Մանչեսթըր Եունայթըտի «Հսկայ» Պոպի Չարլթընի Վերջին Հրաժեշտը

Մանչեսթըր Եունայթըտի «Հսկայ» Պոպի Չարլթընի Վերջին Հրաժեշտը

Երէկ, կէսօրէ ետք հազարաւոր համակիրներ ներկայ էին վերջին անգամ ըլլալով իրենց յարգանքը ցուցաբերելու Մանչեսթըր Եունայթըտի պատմական դէմքերէն Պոպի Չարլթընի թաղման արարողութեան: Չարլթըն, որ միշտ կը յիշուի եւ պիտի յիշուի իբրեւ խոնարհ եւ սքանչելի անձնաւորութիւն,  մահացած էր 21 հոկտեմբերին, 86 տարեկան հասակին: Եունայթըտի նախկին մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսըն, ինչպէս նաեւ նախկին մարզիկներ Էնտի Քոլ, Փոլ Սքոլզ, ազգային խումբի մարզիչ Կարեթ Սաութկէյթ,  Ուիլիըմ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ճիմնուս 78-69

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ճիմնուս 78-69

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի տղոց պասքեթպոլի խումբը երէկ Սեն Ժոզեֆ դպրոցի դաշտին վրայ Լիբանանի պասքեթպոլի 5-րդ դասակարգի ախոյեանութեան իր վերջին մրցումին 78-69 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ճիմնուսի դէմ: Այս ձեւով ՀՄԸՄ-ի տղաքը կը բարձրանան 4-րդ դասակարգ` շնորհիւ մարզիկներուն եւ մարզիչին եւ մասնաճիւղի բոլոր աշխատող ձեռքերուն: Միհրան Պէրպէրեան նշանակեց 38 կէտ, իսկ Գէորգ Գէորգ աւելցուց 29 կէտ ի նպաստ Անթիլիասի տղոց: Անթիլիասի...

Պէյրութ Մարաթոն-2023.  Եթովպիացի Տղաք Եւ Աղջիկներ` Տիտղոսակիր

Պէյրութ Մարաթոն-2023. Եթովպիացի Տղաք Եւ Աղջիկներ` Տիտղոսակիր

14 հազար 399 մարզիկներ մասնակցեցան Պէյրութի 19-րդ մարաթոնին` կազմակերպութեամբ «Պէյրութի մարաթոն» միութեան: Տղոց եւ աղջկանց տիտղոսները շահեցան մարզիկներ, որոնք մրցանիշներ ձեռք ձգեցին: Եթովպիական Յաղթանակներ Եւ Նոր Մրցանիշներ Երէկ տեղի ունեցաւ 2023-ի Պէյրութի 19-րդ մարաթոնը, որ կը կազմակերպէ «Պէյրութ մարաթոն» միութիւնը: Այս տարուան մարաթոնին իրենց մասնակցութիւնը բերին 14.399 մարզիկներ` 105 տարբեր երկիրներէ, որոնց կարգին 6.289 մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնեն զինուորական եւ...

«Էն. Պի. Էյ.». Ֆէօնիքս Սանզ-Լոս Անճելըս Լէյքըրզ` 119-125.Տոնչիչ Նշանակեց Տալասի 144 Կէտէն 44-ը

«Էն. Պի. Էյ.». Ֆէօնիքս Սանզ-Լոս Անճելըս Լէյքըրզ` 119-125.Տոնչիչ Նշանակեց Տալասի 144 Կէտէն 44-ը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին. Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 3 յաջորդական մրցումներ պարտուելէ ետք կրցաւ 4-րդ մասին գերազանցել Ֆէօնիքսին եւ յաղթել Արիզոնայի մէջ: 38 տարեկան Լեպրոն Ճէյմս մրցումին սկիզբը «բաւական ծեր» կ՛երեւէր եւ պահ մըն ալ կը կաղար, բայց ինքզինք վերագտաւ եւ 32 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 11 ռիպաունտ ալ: Ֆէօնիքս իր դաշտին վրայ շատ լաւ սկսաւ, բայց վերջին մասին...

Թենիս.  Սինըր Լաւ Ձեւով Սկսաւ Մասթըրզի Մրցաշարքը

Թենիս. Սինըր Լաւ Ձեւով Սկսաւ Մասթըրզի Մրցաշարքը

Երէկ տեղի ունեցաւ թենիսի մասթըրզի մրցաշարքին բացումը: Առաջին մրցումին իտալացի Եանիք Սինըր (թիւ 4) իր համակիրներուն առջեւ (Թորինոյի մէջ, Իտալիա) երազային ձեւով սկսաւ` 6-4, 6-4 արդիւնքով յաղթելով թիւ 6 Սթեֆանու Ցիցիփասի (Յունաստան): Հակառակ արդիւնքին, Սինըր շատ աւելի լաւ էր իր մրցակիցէն, եւ հանգիստ ձեւով իշխած էր մրցումին: Կանաչ խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ թիւ 1 Նովաք Ճոքովիչ եւ Հոլկըր Ռունէ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Վաղը` Չելսի – Մանչեսթըր Սիթի

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Չելսի – Մանչեսթըր Սիթի

Անգլիոյ ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն կարեւորագոյնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` Լոնտոնի մէջ, ուր Չելսի պիտի հիւրընկալէ առաջին դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթին: Չելսի, որ 4-1 արդիւնքով յաղթած եւ գահընկէց ըրած էր Թոթենհամը այս վերջինին դաշտին վրայ, պիտի փորձէ անակնկալ մը ընել եւ թերեւս օգնել այլ խումբի մը, որ գահընկէց ընէ Սիթին: Ստորեւ 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. ԱՅՍՕՐ Վուլվզ - Թոթենհամ Մանչեսթըր...

«Եուրոփա Լիկ». Լիվըրփուլի Անակնկալ Պարտութիւնը. Պրայթըն Յաղթական` Ամսթերտամի Մէջ

«Եուրոփա Լիկ». Լիվըրփուլի Անակնկալ Պարտութիւնը. Պրայթըն Յաղթական` Ամսթերտամի Մէջ

«Եուրոփա լիկ»-ի մրցումներու ծիրին մէջ, Անգլիոյ Լիվըրփուլ ակումբը անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Թուլուզի դաշտին վրայ` 3-2 արդիւնքով: Լիվըրփուլ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, սակայն հակայարձակումով մը Թուլուզ կոլ մը նշանակեց, եւ 36-րդ վայրկեանէն ետք շատ բան փոխուեցաւ: 58-րդ վայրկեանին արդիւնքը բարձրացաւ 2-ի: 73-րդ վայրկեանին Լիվըրփուլ փոխադարձեց, երբ ֆրանսական ակումբի յետսապահ մը սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց կոլ մը: 76-րդ վայրկեանին Թուլուզ...

Թենիս.  Վաղը Կը Սկսի Տղոց Մասթըրզը

Թենիս. Վաղը Կը Սկսի Տղոց Մասթըրզը

Վաղը Թորինոյի մէջ (Իտալիա) կը սկսի թենիսի այս տարուան վերջին կարեւոր մրցաշարքը, ուր թիւ 1 սերպ Նովաք Ճոքովիչ եւ թիւ 2 Քարլոս Ալքարաս տարբեր խմբակներու մէջ բաժնուած են, եւ հաւանական է, որ իրար դէմ մրցին մրցաշարքի յաջորդ հանգրուաններուն: Ճոքովիչ, որ անցեալ շաբաթ շահած էր Փարիզի փակ մրցաշարքը, անցեալ տարուան ախոյեանն է եւ այս մրցաշարքը 6 անգամ շահած է: Թիւ 1...

«Էն. Պի. Էյ.».  Անթեթոքումփօ 54 Կէտ Նշանակեց

«Էն. Պի. Էյ.». Անթեթոքումփօ 54 Կէտ Նշանակեց

Ինտիանափոլիսի մէջ տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումի մը ընթացքին, երէկ Միլուոքի Պաքս 126-124 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց հիւրընկալ Ինտիանա Փէյսըրզէն: Յոյն Եանիս Անթեթոքումփօ 54 կէտ նշանակեց «խենթ» մրցումի մը, ուր 9 անգամ փոխուեցաւ մրցումին ղեկը: Ինտիանա շատ արագ սկսաւ մրցումը եւ 12 կէտի առաւելութեամբ աւարտեց առաջին մասը` 38-24: Երկրորդ մասին Միլուոքի 36-28 արդիւնքով յառաջացաւ եւ 3-րդին գերազանցեց իր մրցակիցը...

Լուիս Տիասի Հայրը Ազատ Արձակուած` 12 Օր Ետք

Լուիս Տիասի Հայրը Ազատ Արձակուած` 12 Օր Ետք

Երէկ ազատ արձակուեցաւ Լիվըրփուլի քոլոմպիացի ֆութպոլիստ Լուիս Տիասի հայրը, որ առեւանգուած էր 12 օր առաջ իրենց տան շրջանին` Պարրունքասի մէջ: Մոթորսիքլեթներով զինեալներ 12 օր առաջ առեւանգած էին Տիասի հայրն ու մայրը, բայց մայրը ազատած էր, երբ կասկածելիները փախուստ տուին, եւ ինքնաշարժին մէջ գտնուեցաւ անոր մայրը: Երէկ եկեղեցական դէմքեր, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-էն յանձնախումբ մը ներկայ էին հիւսիսային սահմանային շրջանի մը մէջ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Սաժես – ՀՄԸՄ 85-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ 85-79

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը 85-79 արդիւնքով պարտութեամբ վերադարձան Ղազիրի «Անթուան Շուէյրի» դաշտէն: Պէտք է ըսել, որ Սաժեսի համակիրները «տաք մթնոլորտով» ճնշում բանեցուցին իրաւարարին վրայ, որ կարգ մը որոշումներուն մէջ քիչ մը աւելորդ «խիստ» էր: Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը քիչ մը «ուշ մտան մթնոլորտին» մէջ, եւ Ժերար Հատիտեան ու Ուոլթըր Հոճ բաւական...

Աթլեթիքօ Մատրիտ Կ՛երկարաձգէ  Մորաթայի Պայմանագրութիւնը

Աթլեթիքօ Մատրիտ Կ՛երկարաձգէ Մորաթայի Պայմանագրութիւնը

Աթլեթիքօ Մատրիտ նոր պայմանագիր մը ստորագրեց յառաջապահ Ալվարօ Մորաթայի հետ: Մորաթայի պայմանագրութիւնը, որ կ՛աւարտէր այս տարեշրջանի աւարտին, այս ձեւով պիտի երկարի մինչեւ 2027: Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի մրցումներուն գծով, ան այս տարեշրջանի առաջին 11 մրցումներէն 10-ին մասնակցած է, 7 կոլ նշանակած է եւ կատարած 1 էսիսթ: Մորաթա 13-էն 15 տարեկանը եղած է Աթլեթիքոյի ակադեմիայէն, ապա 1 տարի Խեթաֆէ, որմէ ետք միացած...

«Էն. Պի. Էյ.».  Տենվըր Եւ Եոքիչ Կը Սուրան

«Էն. Պի. Էյ.». Տենվըր Եւ Եոքիչ Կը Սուրան

Տալաս Եւ Պոսթըն 2-րդ Պարտութիւնը Կրեցին Օր մը դադարէ ետք, «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, երբ մէկէ աւելի հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան: Տենվըրի մէջ, ախոյեան Տենվըր Նակեթց 108-105 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի վրայ: Մրցումին ղեկը 10 անգամ փոխուեցաւ, եւ Ուորիըրզ նոյնիսկ մինչեւ 5 կէտով յառաջացաւ, բայց Տենվըր ինքզինք վերագտաւ եւ տեղ մը 12 կէտով...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Սեւիա Եւ Պենֆիքա Դուրս Մնացին

«Չեմփիընզ Լիկ». Սեւիա Եւ Պենֆիքա Դուրս Մնացին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 4-րդ շաբթուան մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ շատ լաւ սկսելէ ետք իր մրցումը Դանիոյ մէջ` Քոփենհակընի դէմ, եւ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, մեծ անակնկալներու առջեւ գտնուեցաւ: Ռեշֆորտ պարզ փորձ մը կ՛ընէր գնդակին տիրանալու, բայց սխալմամբ կոխեց մրցակիցի ոտքին եւ... կարմիր քարտ: Վայրկեան մը ետք գնդակը` սիւնին, եւ Մանչեսթըր` փրկուած... բայց հազիւ վայրկեան մը, եւ` 1-2: 44-րդ...

Ճատրակ.  Սամուէլ Տէր Սահակեան  15-րդ Դիրքը Գրաւեց

Ճատրակ. Սամուէլ Տէր Սահակեան 15-րդ Դիրքը Գրաւեց

11 օրերու վրայ տեղի ունեցաւ ՖԻՏԷ-ի կրան Սուիս 2023-ի մրցաշարքը, Բրիտանիոյ մէջ, մասնակցութեամբ 114 վարպետներու: Այս մրցաշարքը բաժին մըն է զտումի հանգրուանի մրցումներու նման` 2024-ի ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 8 հայ վարպետներ, 6-ը` Հայաստանը ներկայացնող, իսկ 2-ը Միացեալ Նահանգները: 15-րդ դիրքը գրաւեց 30 տարեկան կրանտ մասթըր  Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ հաւաքեց 6,5 կէտ: Առաջին դիրքը գրաւեց...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Միլան Անակնկալի Բերաւ Փարիզը. Տորթմունտ 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Նիւքեսըլի

Եւրոպական Ֆութպոլ. Միլան Անակնկալի Բերաւ Փարիզը. Տորթմունտ 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Նիւքեսըլի

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեանութեան 4-րդ շաբթուան մրցումներուն, Զ. խմբակը իր անունը վերականգնեց իբրեւ «մահուան խմբակը»: Արդարեւ, առաջին 2-3 շաբթուան մրցումներէն ետք կը կարծուէր, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի խմբակը առաջին դիրքի վրայ կ՛աւարտէ, կամ Նիւքեսըլ կրնայ անցնիլ, մինչ Տորթմունտ հաւանաբար 3-րդ դիրքը գրաւէ «Եուրոփա լիկ» երթալու, Ա. Սէ. Միլանի ալ վիճակը այդքան լաւ չէր: Այժմ ամէն ինչ փոխուած է, եւ Ա. Սէ....

Տորթմունտի Համակիրներ Կը Բողոքեն

Տորթմունտի Համակիրներ Կը Բողոքեն

Երեքշաբթի գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտի համակիրները մեծ պաստառներ բարձրացուցին իբրեւ բողոք` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի յաջորդ եղանակի «Չեմփիընզ լիկ»-ի նոր ձեւի որդեգրման դէմ: Նիւքեսըլ, որ հիւրն էր Տորթմունտի, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, բայց արդիւնքէն աւելի դաշտին մթնոլորտը աղմուկ ստեղծեց: Կիսախաղին համակիրները կեղծ ոսկիի պլոքներ, ինչպէս նաեւ դրամի տոպրակներ նետեցին դաշտ: Մրցումին երկրորդ կիսախաղի ազդանշանը...

«Սփերցեան Պէտք Է Հեռանայ  Ռուսիոյ Ախոյեանութենէն»  Կ՛ըսէ Մոսթովոյ

«Սփերցեան Պէտք Է Հեռանայ Ռուսիոյ Ախոյեանութենէն» Կ՛ըսէ Մոսթովոյ

Ռուսիոյ ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ալեքսանտր Մոսթովոյ կը կարծէ, թէ Կրասնոտարի եւ Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերցեան պէտք է Ռուսիոյ առաջին դասակարգի խումբէն տեղափոխուի եւրոպական որեւէ ակումբ: «Սփերցեան պէտք էր անցեալ ամառ հեռանար, ան պէտք է շարունակէ յառաջդիմել: Ինչպէ՞ս կրնայ յառաջդիմել հիմա Ռուսիոյ մէջ: Այնքան պարզ չէ: Հոս ժամանակի ընթացքին կը դադրի փայլելէ եւ վերջ: Ան շատ տաղանդաւոր ֆութպոլիստ...

Եւրոպայի Լաւագոյնները

Եւրոպայի Լաւագոյնները

Եւրոպայի 5 կարեւոր ախոյեանութիւններու բոլոր մարզիկներուն կը տրուին նիշեր եւ անոնց հիման վրայ, ամէն շաբթուան աւարտին կէտերը կը կուտակուին եւ Եւրոպայի լաւագոյններու դասաւորում մը մէջտեղ կու գայ` փաուըր Ռենքինկզ անունով: Ստորեւ կը ներկայացնենք անցեալ շաբաթավերջի մրցումներէն ետք Եւրոպայի լաւագոյն 10 ֆութպոլիստները, անշուշտ` ըստ մասնագէտներու: 1.- Լիրոյ Սանէ (Պայերն Միւնիխ). 42 օրէ ի վեր կը գրաւէ առաջին դիրքը եւ այժմ իր...

Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Այսօր ժամը 9:45-ին, Ղազիրի մէջ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի 3-րդ հանգրուանին գծով Սաժես-ՀՄԸՄ մրցումը: Մեր տղաքը ամԷն գնով պիտի փորձեն յաղթական վերադառնալ Պէյրութ, մանաւանդ որ առաջին անգամ ըլլալով 2 օտար ընդդէմ 2 օտարի պիտի խաղցուի` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ մէկէ աւելի ԼԻՍԹ ԷՅ. խաղցողներ ունին:

Page 243 of 1281 1 … 242 243 244 … 1,281

Արխիւներ