Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ 85-79

November 10, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը 85-79 արդիւնքով պարտութեամբ վերադարձան Ղազիրի «Անթուան Շուէյրի» դաշտէն:

Պէտք է ըսել, որ Սաժեսի համակիրները «տաք մթնոլորտով» ճնշում բանեցուցին իրաւարարին վրայ, որ կարգ մը որոշումներուն մէջ քիչ մը աւելորդ «խիստ» էր:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը քիչ մը «ուշ մտան մթնոլորտին» մէջ, եւ Ժերար Հատիտեան ու Ուոլթըր Հոճ բաւական լաւ ելոյթ ունեցան` միասնաբար նշանակելով ՀՄԸՄ-ի 20 կէտերէն 13-ը: Առաջին մասին 24-20 պարտուած ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելի լաւ պաշտպանողական խաղ մը խաղցան, բայց կէտեր նշանակելու հարց մը կար… 17-16 մեր տղոց ի նպաստ աւարտեցինք, իսկ կիսախաղ` 40-37: Բ. կիսախաղաին Ժատ Խալիլ եւ Թանիոս Աքիքի 11 կէտ նշանակեցին միասնաբար, մինչ Ռաֆայէլ Փութնի, որ առաջին մասին 2 կէտ նշանակած էր, 4 կէտ աւելցուց: 3-րդ մասին 26-21` ի նպաստ Սաժեսի: 4-րդ մասին 8 կէտի առաւելութիւնը հասաւ 10-ի, բայց մեր տղաքը 10-0 յաջորդական կէտեր նշանակելով 56-56-ի հաւասարեցան: Պահ մը կը կարծուէր, թէ կրցած էինք մրցումին ղեկը փոխել, բայց Սաժեսի 3 կէտերը եւ մեր տղոց դիւրին առիթներ կորսնցնելը անգամ մը եւս տարբերութիւնը բարձրացուցին, սակայն 5 վայրկեան մնացած 70-70-ի վրայ անգամ մը եւս հաւասարութիւն: Ի վերջոյ մեր տղաքը իրենց ջիղերը կորսնցուցին եւ գրեթէ յանձնուեցան արդիւնքին, ուր Սաժես 15 կէտ ձեռք ձգեց, մինչ ՀՄԸՄ 9, աւելի՛ն` Ուոլթըր իր 2-րդ թեքնիքըլ ֆաուլը ստացաւ եւ վտարուեցաւ դաշտէն… Ան յառաջիկայ հինգշաբթի Մըզհերի մէջ հաւանական է որ բացակայի Անթունիէի դէմ մրցումին:

Ուոլթըր Հոճ 18 կէտ նշանակեց (1 յաջող 3 կէտնոց կողով), ինչպէս նաեւ 4 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ կատարեց:

Տուէյն Ճեքսըն նշանակեց 16 կէտ (2 յաջող 3 կէտնոց` 9 փորձերէն), 5 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ կատարեց: Ժերար Հատիտեան 15 կէտ նշանակեց եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ճիմի Սալեմ (9 կէտ), Ժատ Խալիլ (8 կէտ), Թանիոս Աքիքի (6 կէտ), Ռաֆայէլ Փութնի (6 կէտ) եւ Կէպի Աճեմեան (1 կէտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կէտերը:

Յուսանք, որ յաջորդ մրցումին մեր դաշտին վրայ Անթունիէի դէմ աւելի ինքնավստահ, աւելի լաւ պասքեթպոլ կը խաղան մեր տղաքը: Յստակ է, որ խմբային լաւ պասքեթպոլ չենք կրնար խաղալ, եւ գնդակը լաւ ձեւով չի դառնար, ինչպէս կը դիտենք բնական մրցումները: 3 կէտ նշանակելու հարց ունինք, ինչպէս նաեւ կողովին տակէն միայն Ժերարն է, որ Սաժեսի դէմ կրցաւ օֆենսիվ ռիպաունտ հաւաքել:

Երէկ Ռիատի 88-50 արդիւնքով կրցաւ յաղթել «Էն. Էս. Էյ.»-ի` այս վերջինին դաշտին վրայ: 4 կէտով առաջին մասին ետ մնացած Ռիատի մրցանիշ մը իրագործեց Բ. մասին` որեւէ կէտ չստանալով իր կողովին մէջ: Ռիատի 25-0 արդիւնքով յաղթեց Բ. մասը:

Նախորդը

Աթլեթիքօ Մատրիտ Կ՛երկարաձգէ Մորաթայի Պայմանագրութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիան Կ՛ուսումնասիրէ Իսրայէլի Դէմ Միջազգային Քրէական Դատարանին Մէջ Հայց Ներկայացնելու Հարցը

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

January 9, 2026
Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը
Մարզական

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը

January 9, 2026
Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ.  Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ
Մարզական

Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ. Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.