Ռուսիոյ ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ալեքսանտր Մոսթովոյ կը կարծէ, թէ Կրասնոտարի եւ Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերցեան պէտք է Ռուսիոյ առաջին դասակարգի խումբէն տեղափոխուի եւրոպական որեւէ ակումբ:
«Սփերցեան պէտք էր անցեալ ամառ հեռանար, ան պէտք է շարունակէ յառաջդիմել: Ինչպէ՞ս կրնայ յառաջդիմել հիմա Ռուսիոյ մէջ: Այնքան պարզ չէ: Հոս ժամանակի ընթացքին կը դադրի փայլելէ եւ վերջ: Ան շատ տաղանդաւոր ֆութպոլիստ է, բայց անոր համար շատ կարեւոր է տեղափոխուիլ եւրոպական խումբ, խաղալ հոն եւ փորձառութիւն ձեռք ձգել: Հոս իրեն համար դժուար կ՛ըլլայ զարգացման առումով», ըսաւ 90-ականներու փլէյ մէյքըր Մոսթովոյ, որ Սպանիոյ Սելթայի օրերուն Պալայտոսի ձարը կը կոչուէր:
Սփերցեան, որ Կրասնոտարի կրտսերներէն եղած է, 16 մրցումներու մասնակցած է` նշանակելով 6 կոլ եւ 3 կոլերու փոխանցումներ կատարած է (էսիսթ): Ան պայմանագրութիւն ունի մինչեւ 2026:
23 տարեկան Սփերցեանի կազմը կը գրաւէ Ռուսիոյ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը: