Երեքշաբթի գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտի համակիրները մեծ պաստառներ բարձրացուցին իբրեւ բողոք` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի յաջորդ եղանակի «Չեմփիընզ լիկ»-ի նոր ձեւի որդեգրման դէմ:
Նիւքեսըլ, որ հիւրն էր Տորթմունտի, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, բայց արդիւնքէն աւելի դաշտին մթնոլորտը աղմուկ ստեղծեց: Կիսախաղին համակիրները կեղծ ոսկիի պլոքներ, ինչպէս նաեւ դրամի տոպրակներ նետեցին դաշտ: Մրցումին երկրորդ կիսախաղի ազդանշանը ուշացաւ, մինչեւ որ մաքրուի դաշտը: Համակիրներու թրիպիւններուն վրայ կար մեծ պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Մարզանքը ձեզի համար կարեւոր չէ, դրամն է կարեւորը»: Համացանցին վրայ ալ մեծ արշաւ կար Տորթմունտի կողմէ, բայց յստակ չէր, թէ արդեօք մրցակից Նիւքեսըլի սէուտցի սեփականատիրոջ հասցէին ալ ուղղուա՞ծ էին գանգատներու մէկ մասը:
Մարզիկներ օգնեցին մաքրել դաշտին խորը, որ մինչեւ դաշտին կեդրոնը թենիսի գնդակներով ողողուած էր: Անցեալ հոկտեմբերին (2022-ին) ալ Տորթմունտի համակիրներ իրենց զգացումները արտայայտած էին Մանչեսթըր Սիթիի դէմ մրցումի ժամանակ պաստառով մը, որուն վրայ գրուած էր. «Պոյքո՛թ` Քաթար 2022»:
Երեքշաբթի օրուան գանգատը վստահաբար «Չեմփիընզ լիկ»-ի մասնակցող խումբերու թիւին բարձրանալուն պատճառով էր (32-էն 36): Ամէն խումբ պիտի խաղայ 8 մրցում, 10 շաբթուան վրայ: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Չեֆերին ըսաւ. «Մասնակցութեան երազը պիտի մնայ բոլոր ակումբներուն համար: 4 յաւելեալ աթոռներէն 2-ը պիտի տրուին նախորդ տարուան լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգող երկրին ակումբներուն»:
Յաւելեալ մրցումներ, այսինքն` յաւելեալ դրամ մեծ ակումբներուն, որոնք աւելի մեծ բաժին կ՛ունենան պատկերասփիւռի կայաններէն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն:
Ընդամէնը 189 մրցումներ տեղի պիտի ունենան 2024-2025 տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի ընթացքին: