Թենիս. Իկա Շվիաթեք Վերագրաւեց Թիւ 1 Դիրքը
Լեհ թենիսվումըն Իկա Շվիաթեք քիչ մը ուշացած աղջկանց մասթըրզի թենիսի մրցաշարքի աւարտական մրցումին պարտութեան մատնեց ամերիկացի Ճեսիքա Փեկուլան 6-1 եւ 6-0 արդիւնքով եւ վերադարձաւ թիւ 1 դիրք: Շվիաթեք, որ ապրիլ 2022-էն ի վեր կը գրաւէր աղջկանց թենիսի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը, անցեալ սեպտեմբերին կորսնցուցած էր իր դիրքը ի նպաստ պիելոռուս Արինա Սապալենքայի, Եու. Էս. Օփընի մրցաշարքէն ետք, բայց մասթըրզի մրցաշարքը...




















