«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին. Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 3 յաջորդական մրցումներ պարտուելէ ետք կրցաւ 4-րդ մասին գերազանցել Ֆէօնիքսին եւ յաղթել Արիզոնայի մէջ:
38 տարեկան Լեպրոն Ճէյմս մրցումին սկիզբը «բաւական ծեր» կ՛երեւէր եւ պահ մըն ալ կը կաղար, բայց ինքզինք վերագտաւ եւ 32 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 11 ռիպաունտ ալ: Ֆէօնիքս իր դաշտին վրայ շատ լաւ սկսաւ, բայց վերջին մասին մնաց եւ մանաւանդ վերջին 2 վայրկեանին յանձնուեցաւ:
Տիւրենթ 38 կէտ նշանակեց եւ Պրետլի Տիլ 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ֆէօնիքսի, որմէ 4-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով կը բացակայէր վիրաւոր Տեւըն Պուքըր: 14 կէտի առաւելութիւն ունեցող Ֆէօնիքս չկրցաւ դիմանալ 4-րդ մասին Լըպրոնի, Էնթընի Տէյվիսի (18 կէտ, 11 ռիպաունտ) եւ Տ՛Անճելօ Ռասըլի (19 կէտ, 9 էսիսթ) դիմաց:
Թեքսասի մէջ, Տպաս Մետիքս իր մրցումին սկիզբէն մինչեւ վերջ տիրապետեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզի վրայ:
Սլովենիացի Լուքա Տոնչիչ 44 կէտ նշանակեց Քլիփըրզի դէմ, որ Ճէյմս Հարտընի միանալէն ետք 3-րդ յաջորդական մրցումը կը պարտուի:
Քայրի Ըրվինկ աւելցուց 27 կէտ` նշանակելով 5 հատ 3 կէտնոց կողովներ, մինչ Տոնչիչ 6 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց:
«Միշտ կ՛ըսեմ նոյնը, մենք 2 հոգի չենք», ըսաւ Տոնչիչ իր եւ Քայրիի մասին: «Մենք երբեմն կը կենանք, ուրիշներ կը փայլին, ուրեմն` միայն 2 հոգի չենք, բոլորը կ՛օգնեն մեզի»: Պահ մը տարբերութիւնը 32 կէտի ալ հասաւ:
Քուայ Լէոնարտ (26 կէտ), Հարտըն (14 կէտ) եւ Ուեսթպրուք (14 կէտ) նշանակեցին մինչ պահեստի մարզիկ Պոնզ Հայլենտ աւելցուց 17 կէտ` ի նպաստ Քլիփըրզի, որ 8 մրցումներէ 5-ը պարտուած է:
Կոլտըն Սթէյթ Ուրիըրզ 118-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր դաշտին վրայ, հակառակ Սթեֆ Քըրիի 30 կէտերուն: Քրիս Փոլ 9 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Կոլտըն Տէյթի, որ իր 4-րդ պարտութիւնը կրեց 10 մրցումներու ընթացքին:
Տոնվըն Միչել 21 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլեվլենտի, որ 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց 8 մրցումներու ընթացքին:
Ստորեւ շաբաթավերջի արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Չարլոթ Հորնեթց 117-124
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ֆիլատելֆիա 76-րդ 106-114
Պոսթըն Սելթիքս – Պրուքլին Նեթց 121-107
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մինիսոթա Թեմպըրվուլվզ 110-117
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ 121-127
Հիւսթըն Ռոքեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 104-101
Տալաս Մետեքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 144-126
Սաքրամենթօ Քինկզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 105-98
Ֆէօնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 119-122
ԵՐԷԿ
Օրլանտօ Մեճիք – Միլուոքի Պաքս 112-97
Պոսթըն Սելթիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 117-94
Աթլանթա Հոքս – Մայեմի Հիթ 109-117
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Քլիվլենտ Քեւելրըզ 110-118