Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.». Տենվըր Եւ Եոքիչ Կը Սուրան

Նոյեմբեր 10, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տալաս Եւ Պոսթըն 2-րդ Պարտութիւնը Կրեցին

Օր մը դադարէ ետք, «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, երբ մէկէ աւելի հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան:

Տենվըրի մէջ, ախոյեան Տենվըր Նակեթց 108-105 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի վրայ: Մրցումին ղեկը 10 անգամ փոխուեցաւ, եւ Ուորիըրզ նոյնիսկ մինչեւ 5 կէտով յառաջացաւ, բայց Տենվըր ինքզինք վերագտաւ եւ տեղ մը 12 կէտով ալ յառաջացաւ:

Նիքոլա Եոքիչ 35 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ռեճի Ճեքսըն (20 կէտ), Մայքըլ Փորթըր Ճունիոր (17 կէտ), Աարոն Կորտըն (14 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Քելտուըլ-Փոփ (10 կէտ) եղան Տենվըրի հերոսները:

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն լաւ նշանակողներէն Սթեֆ Քըրի 23 կէտ նշանակեց (6 հատ 3 կէտնոց), բայց Քլէյ Թոմփսըն միայն 10 կէտով կրցաւ օգնել: Տարիօ Սարիչ եւ Քեւըն Լունի 8-ական ռիպաունտ ձեռք ձգեցին, բայց չկրցան կասեցնել Տենվըրի յարձակումները:

Թեքսասի մէջ, Թորոնթօ Ռեփթըրզ իր յաջորդական 2-րդ մրցումը յաղթեց, այս անգամ` Տալաս Մեւրիքսի դաշտին մէջ` 127-116 արդիւնքով: 2 օր առաջ, Թորոնթօ 22 կէտով ետ մնալէ ետք, պարտութեան մատնած էր Սան Անթոնիօ Սփըրզը: Փասքալ Սիաքամ 31 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, Օ. Ճի. Անունոպի աւելցուց 26 կէտ ի նպաստ Թորոնթոյի: Լուքա Տոնչիչ 31 կէտ նշանակեց, իսկ Քայրի Ըրվինկ աւելցուց 22 կէտ ի նպաստ Տալասի, որ առաջին անգամ ըլլալով (4 յաղթանակէ ետք) պարտութիւն մը կրեց իր «Ամերիքըն Էրլայնզ Սենթըր»-ին մէջ, 20 հազարէ աւելի համակիրներու ներկայութեան:

Փենսիլվանիոյ մէջ, Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ յաջորդական իր 6-րդ յաղթանակը արձանագրեց Պոսթըն Սելթիքսի վրայ, որ իր յաջորդական 2-րդ պարտութիւնը կրեց: Ֆիլատելֆիա, որ տարեշրջանի սկիզբը մարզիչ փոխեց եւ Հարտընի մեկնումով խումբը «մաքրեց» ըսի-ըսաւներէն, Ժոել Էմպիիտի եւ Թայրիս Մեքսիի հետ ամէն մրցումի կը փորձէ լաւագոյնը տալ` ցոյց տալով, որ մթնոլորտը շատ լաւ է:

«Նոր մարզիչ, նոր խաղաոճ, քանի մը նոր տղաք, կը փորձենք բոլորին հետ յառաջդիմել արագ պասքեթով… նայինք ինչ կրնանք ընել», ըսաւ Էմպիիտ մրցումէն ետք:

Էմպիիտ 27 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Մեքսի 25 աւելցուց ինչպէս նաեւ 9 էսիսթ կատարեց:

Քրիսթափս Փորզինկիս 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի, որ 103-106 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:

Միլուոքի Պաքս դժուար մրցումէ մը ետք 120-118 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տիթրոյիթ Փիսթընզը` շնորհիւ Տեմիըն Լիլըրտի, որ կրցաւ իր վրայ դրուած յոյսերը արդարացնել, մանաւանդ որ խումբին թիւ 1 աստղը` Եանիս Անթեթոքումփօ 3-րդ մասին վտարուեցաւ դաշտէն` իր 2-րդ թեքնիքըլ ֆաուլէն ետք:

Տիթրոյիթ 4-րդ մասին մինչեւ 10 կէտ յառաջդիմած էր, 6 բացակայ մարզիկներ ունէր, որոնք կամ հիւանդ կամ վիրաւոր էին: Քէյտ Քանինկհամ (33 կէտ) եւ Մարքըս Սեսըր (26 կէտ) եղան Տիթրոյիթի հերոսները:

Լիլըրտ 34 կէտ նշանակեց, մինչ Պապի Փորթիս աւելցուց 18 կէտ: Եանիս 15 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր չվտարուած, բայց պահեստի մարզիկները կրցան օգնել Միլուոքիին: Պրուք Լոփես (14 կէտ), Մալեք Պիզլի (10 կէտ) Մարճոն Պոշան (10 կէտ) կարեւոր կէտեր նշանակեցին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ինտիանա Փէյսըրզ – Եութա Ճեզ 134-118
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 106-103
Չարլոթ Հորնեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 116-132
Նիւ Եորք Նիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 126-105
Պրուքլին Նեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 100-93
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 128-120
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 122-101
Միլուոքի Պաքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 120-118
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Մայեմի Հիթ 102-108
Հիւսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 128-94
Շիքակօ Պուլզ – Ֆէօնիքս Սանզ 115-116
Տալաս Մեւրիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 116-127
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 121-118
Տենվըր Նակեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 108-105

 

 

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Սեւիա Եւ Պենֆիքա Դուրս Մնացին

Յաջորդը

Աթլեթիքօ Մատրիտ Կ՛երկարաձգէ Մորաթայի Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?