Երէկ, կէսօրէ ետք հազարաւոր համակիրներ ներկայ էին վերջին անգամ ըլլալով իրենց յարգանքը ցուցաբերելու Մանչեսթըր Եունայթըտի պատմական դէմքերէն Պոպի Չարլթընի թաղման արարողութեան:
Չարլթըն, որ միշտ կը յիշուի եւ պիտի յիշուի իբրեւ խոնարհ եւ սքանչելի անձնաւորութիւն, մահացած էր 21 հոկտեմբերին, 86 տարեկան հասակին:
Եունայթըտի նախկին մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսըն, ինչպէս նաեւ նախկին մարզիկներ Էնտի Քոլ, Փոլ Սքոլզ, ազգային խումբի մարզիչ Կարեթ Սաութկէյթ, Ուիլիըմ իշխանը եւ «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Չեֆերին այլ 1000-է աւելի հրաւիրեալներու կողքին ներկայ էին թաղման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Մանչեսթըրի մայր եկեղեցւոյ մէջ: