11 օրերու վրայ տեղի ունեցաւ ՖԻՏԷ-ի կրան Սուիս 2023-ի մրցաշարքը, Բրիտանիոյ մէջ, մասնակցութեամբ 114 վարպետներու: Այս մրցաշարքը բաժին մըն է զտումի հանգրուանի մրցումներու նման` 2024-ի ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 8 հայ վարպետներ, 6-ը` Հայաստանը ներկայացնող, իսկ 2-ը Միացեալ Նահանգները:
15-րդ դիրքը գրաւեց 30 տարեկան կրանտ մասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ հաւաքեց 6,5 կէտ: Առաջին դիրքը գրաւեց հնդիկ կրանտ մասթըր Վիտիթ Սանթոշ Կուճրաթի (աշխարհի թիւ 28)` ձեռք ձգելով 8,5 կէտ` կէս կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Բ. դիրքը գրաւող աշխարհի թիւ 4 Հիքարու Նաքամուրայի (Միացեալ Նահանգներ) վրայ:
22-րդ դիրքը գրաւեց Սամուէլ Սեւեան (Միացեալ Նահանգներ), որ Լեւոն Արոնեանի նման 6,5 կէտ ձեռք ձգեց: 22 տարեկան Սեւեան թիւ 40 դասուած է, մինչ Արոնեան` 23-րդ:
35-րդ դիրքը գրաւեց Մանուէլ Պետրոսեան 6 կէտով, իսկ Շանթ Սարգիսեան 36րդ` նոյն կէտերով: 65-րդ դիրքը գրաւեց Կապրիէլ Սարգիսեան 5,5 կէտով: 82-րդ եւ 86-րդ դիրքերը գրաւեցին Հայկ Մարտիրոսեան եւ Հրանդ Մեքումեան` 5-ական կէտով:
. Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած վեթերաններու մրցաշարքին 3 հայեր ներկայացուցին Հայաստանը: Ռաֆայէլ Վահանեան, որ 65 տարեկանէն վեր մրցումներուն մասնակցեցաւ, գրաւեց 6-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւեց անգլիացի Ճոն Նանն 8,5 կէտերով` կէս կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Վահանեանի վրայ:
50 տարեկանէն վեր մրցումներուն, Արտաշէս Մինասեան գրաւեց 14-րդ դիրքը 7 կէտով, մինչ Աշոտ Նատանեան 6,5 կէտով գրաւեց 21-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւեց անգլիացի Մայքըլ Էտըմզ` 8,5 կէտով: