Այսօր ժամը 9:45-ին, Ղազիրի մէջ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի 3-րդ հանգրուանին գծով Սաժես-ՀՄԸՄ մրցումը: Մեր տղաքը ամԷն գնով պիտի փորձեն յաղթական վերադառնալ Պէյրութ, մանաւանդ որ առաջին անգամ ըլլալով 2 օտար ընդդէմ 2 օտարի պիտի խաղցուի` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ մէկէ աւելի ԼԻՍԹ ԷՅ. խաղցողներ ունին: