ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի տղոց պասքեթպոլի խումբը երէկ Սեն Ժոզեֆ դպրոցի դաշտին վրայ Լիբանանի պասքեթպոլի 5-րդ դասակարգի ախոյեանութեան իր վերջին մրցումին 78-69 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ճիմնուսի դէմ:
Այս ձեւով ՀՄԸՄ-ի տղաքը կը բարձրանան 4-րդ դասակարգ` շնորհիւ մարզիկներուն եւ մարզիչին եւ մասնաճիւղի բոլոր աշխատող ձեռքերուն:
Միհրան Պէրպէրեան նշանակեց 38 կէտ, իսկ Գէորգ Գէորգ աւելցուց 29 կէտ ի նպաստ Անթիլիասի տղոց:
Անթիլիասի աղջկանց խումբը, որ պիտի մասնակցի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, շաբաթավերջին 2 օրուան վրայ մասնաւոր քէմփի մասնակցեցաւ Այնճարի մէջ:
«Արեւ» պանդոկին մէջ գիշերեցին մարզիկները` իրենց հետ ունենալով մարզիչներու խմբակը եւ վարչական եղբայրներ. տեղի ունեցան նաեւ դասընթացքներ` մարզիչին կողմէ, փորձեր, փորձ մրցումներ` լաւապէս պատրաստուելու ախոյեանութեան, որ պիտի սկսի այս շաբաթավերջին:
Այս սեմինար-քեմփը, որ սկսաւ ուրբաթ կէսօրէ ետք, շատ լաւ մթնոլորտի մէջ ընթացաւ: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղն ալ օգտակար դարձաւ եւ մասնակցեցաւ փորձ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի աղջկանց եւ Այնճարի տղոց միջեւ: Մարզիչներու խմբակին մաս կը կազմէին անշուշտ մարզիչի կողքին օգնական մարզիչները` մարմնամարզի մարզիչ (ֆիթնէս քոչ) մարձող (ֆիզիոթերափիսթ):
Երկօրեայ քեմփին լաւ մթնոլորտի մէջ կայացումէն ետք, երէկ յետմիջօրէին խումբը վերադարձաւ Անթիլիաս, եւ այժմ անոր կեդրոնացումը պիտի ըլլայ ուրբաթ օրուան մրցումին վրայ, որ պիտի ըլլայ ախոյեանութեան բացման մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, Հուփսին դէմ, երեկոյեան ժամը 21:00-ին:


