Աթլեթիքօ Մատրիտ նոր պայմանագիր մը ստորագրեց յառաջապահ Ալվարօ Մորաթայի հետ: Մորաթայի պայմանագրութիւնը, որ կ՛աւարտէր այս տարեշրջանի աւարտին, այս ձեւով պիտի երկարի մինչեւ 2027:
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի մրցումներուն գծով, ան այս տարեշրջանի առաջին 11 մրցումներէն 10-ին մասնակցած է, 7 կոլ նշանակած է եւ կատարած 1 էսիսթ:
Մորաթա 13-էն 15 տարեկանը եղած է Աթլեթիքոյի ակադեմիայէն, ապա 1 տարի Խեթաֆէ, որմէ ետք միացած է ՌԷալ Մատրիտին, ուր մնացած է մինչեւ 22 տարեկան, 37 մրցումի ընթացքին նշանակելով 10 կոլ: Ան 2 տարեշրջան բոլորած է Եուվենթուսի հետ եւ 64 մրցումներու ընթացքին 15 կոլ նշանակած է: 2017-ին միացած է Չելսիի, ուր մասնակցած է 47 մրցումներու` նշանակելով 16 կոլ: 2019-ին փոխ տրուած է Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ 49 մրցումներու ընթացքին 18 կոլ նշանակած: 2020-ին պաշտօնապէս միացած է Աթլեթիքոյին, բայց փոխ տրուած Եուվէի եւ 67 մրցումներու ընթացքին 20 կոլ նշանակած: Ան Աթլեթիքոյի հետ 46 մրցում կատարած է` նշանակելով 20 կոլ:
2014-էն ի վեր մաս կը կազմէ Սպանիոյ ազգային խումբին, ուր 68 մրցումներու ընթացքին 34 կոլ նշանակած է: