Երէկ տեղի ունեցաւ թենիսի մասթըրզի մրցաշարքին բացումը: Առաջին մրցումին իտալացի Եանիք Սինըր (թիւ 4) իր համակիրներուն առջեւ (Թորինոյի մէջ, Իտալիա) երազային ձեւով սկսաւ` 6-4, 6-4 արդիւնքով յաղթելով թիւ 6 Սթեֆանու Ցիցիփասի (Յունաստան): Հակառակ արդիւնքին, Սինըր շատ աւելի լաւ էր իր մրցակիցէն, եւ հանգիստ ձեւով իշխած էր մրցումին: Կանաչ խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ թիւ 1 Նովաք Ճոքովիչ եւ Հոլկըր Ռունէ (Դանիա):