Ռաֆայէլ Մարքես Հաւանաբար Փոխարինէ Չաւին
Չաւին հաւանաբար այս տարեշրջանի աւարտին փոխարինուի Պարսելոնայի Բ. խումբի մարզիչ Ռաֆայէլ Մարքեսով: 43 տարեկան Չաւի, որուն կազմը 3-րդ դիրքը կը գրաւէ Սպանիոյ ախոյեանութեան գծով, որոշ թերութիւններ ունի ըստ մասնագէտներու, եւ հակառակ պարագային, եթէ Պարսելոնա տարեշրջանի իր նպատակներուն չհասնի, Մարքես անմիջապէս պատրաստ կ՛ըլլայ փոխարինելու զինք: Մեքսիքայի ազգային խումբի նախկին կեդրոնի պաշտպան Ռաֆայէլ, որ Պարսելոնայի ալ ամէնէն սիրուած մարզիկներէն եղած է, շատ...




















