Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Միլուոքի Առանց Անթեթոքումփոյի Յաղթեց

November 17, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Թորոնթոյի մէջ, Միլուոքի Պաքս առանց Եանիս Անթեթոքումփոյի կրցաւ յաղթել տեղւոյն Թորոնթօ Ռեփթըրզին` 128-112 արդիւնքով:

Տեմիըն Լիլըրտ 37 կէտ էսիսթ կատարեց, Մալիք Միզլի աւելցուց 30 կէտ, եւ Պաքս կրցաւ Եանիսի բացակայութիւնը (ոտքի մկանի ցաւ) ձեւով մը մոռցնել: Պրուք Լոփես ձեռք ձգեց 8 ռիպաունտ` նշանակելով 10 կէտ, մինչ Պապի Փորթիս (18 կէտ) եւ Քամերոն Փէյն (13 կէտ) կրցան ինքնավստահ մրցում մը ունենալ:

Հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Պոսթըն Սելթիքս, Ֆիլատելֆիայի մէջ կրցաւ 117-107 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ 76-ըրզի դաշտէն:

Ֆիլատելֆիա, որ 4 օրուան մէջ իր 3-րդ մրցումը կը խաղար, բաւական յոգնած կը մրցէր եւ ընդհանրապէս չկրցաւ մրցումին ղեկը ձեռք առնել: Միայն 2-րդ մասին էր, որ Ֆիլատելֆիայի մարզիկիները կրցան Սելթիքի վրայ 5 կէտի առաւելութիւն մը ունենալ, բայց Պոսթըն, որ պահ մը 17 կէտի ալ բարձրացուց տարբերութիւնը, կրցաւ 10 կէտի առաւելութեամբ աւարտել մրցումը:

Ճէյսըս Թէյթըմ 29 կէտ նշանակեց, իսկ Ճրու Հոլիտէյ աւելցուց 18 կէտ, ինչպէս նաեւ 10 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ ի նպաստ Սելթիքսի, որ այժմ արեւելեան շրջանի լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած խումբն է (9-2) 11 մրցումներու ընթացքին, մինչ արեւմտեան շրջանին մէջ Տենվըր Նակեթց նոյնքան մրցումներ կատարած եւ յաղթած է:

Տերեք Ուայթ նշանակեց 27 կէտ ի նպաստ Սելթիքսի, որ ընդհանրապէս վստահած է Հաուզըր-Թէյթըմ-Հորֆըրտ-Ուայթ-Հոլիտէյ հնգեակին: Հորֆըրտ եւ Թէյթըմ 8-ական ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեցին:

Տալաս Մեւրիքս, որ օր մը առաջ պարտութիւն մը կրած էր Նիւ Օրլինզի մէջ, 130-117 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ Ուաշինկթընի մէջ` Ուիզըրտծի դէմ մրցումին:

Թիմ Հարտըուէյ 31 կէտ նշանակեց, իսկ Սլովենիացի Տոնչիչ 26 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց Քայրի Ըրվինկի բացակայութեան (ոտքի ցաւ): Տերեք Ճոնզ Ճունիըր 20 կէտ աւելցուց, մինչ Սեթ Քըրի 15 կէտով օգնեց պահեստի շարքերէն գալով:

Քայլ Քուզմա 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուաշինկթընի, որ կը շարունակէ ձախող ելոյթներու շարանը: 11 մրցումներու ընթացքին 9-րդ պարտութիւնն էր երէկ Ուաշինկթընի համար:

Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տալաս Մեւրիքս 117-130
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Միլուոքի Պաքս 112-128
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 107-117
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Եորք Նիքս 114-116
Շիքակօ Պուլզ – Օրլանտօ Մեճիք 94-96
Ֆէօնիքս Սանզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 133-115
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 95-109
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 110-125

Նախորդը

Թենիս. Ճոքովիչ Եւ Մետվետեւ Յաղթեցին

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.