Երէկ մասթըրզի մրցաշարքը շարունակուեցաւ, եւ կանաչ խմբակին մէջ դանիացի Հոլկըր Ռունէ (թիւ 8), որ կը մրցէր յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասի դէմ, առաջին սեթին 2 – 1 արդիւնքով կը յաղթէր, երբ յոյն թենիսմենը կռնակի ցաւէն տառապելով որոշեց քաշուիլ մրցումէն եւ մրցաշարքէն:
Ան պիտի փոխարինուի Հուպըրթ Հուրքաչով (Լեհաստան), որ 1 մրցում պիտի կատարէ թիւ 1 Նովաք Ճոքովիչի դէմ:
Ռունէ 1-1 մրցումներու արդիւնք մը ունի այժմ, մինչ Ցիցիփաս` 0-2: «Ներում կը հայցեմ բոլոր անոնցմէ, որոնք եկան այսօր քաջալերելու զիս եւ դիտելու մրցումս: Շատ փորձեցի ցաւիս վրայ շարունակել, բայց գրեթէ անկարող էի: Ցաւալի էր, որ այլ թենիսմեն մըն ալ պիտի չկարենայ օգտուիլ ինծի փոխարինելով», ըսաւ դժբախտ եւ տխուր Ցիցիփաս:
Կարմիր խմբակին մէջ, «զուտ ռուսական մրցումի մը», Տանիիլ Մետվետեւ (թիւ 3) 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Անտրէ Ռուպլեւի (թիւ 5) վրայ: Մետվետեւ, որ վերջերս լաւ վիճակի մէջ չէր, նահանջ արձանագրած էր մակարդակի առումով եւ դուրս մնացած Փարիզի եւ Շանկհայի մրցաշարքերու կանուխ հանգրուաններէն, կրցաւ տիրապետել իր բարեկամին վրայ, շնորհիւ արագ հարուածներուն եւ դաշտին վրայ արագ տեղ փոխելուն: Ռուպլեւ, որ Մետվետեւի աղջկան կնքահայրն է, չկրցաւ պատասխանել Տանիիլի հարուածներուն եւ ի վերջոյ տեղի տուաւ 2-րդ սեթին:


