Կիրակի գիշեր եւ երէկ շարունակուեցաւ տղոց թենիսի մասթըրզի մրցաշարքը, Թորինոյի մէջ (Իտալիա), ուր թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ (Սերպիա) 7-6 (7-4) 6-7 (1-7) եւ 6-3 արդիւնքով քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց թիւ 8 դասուած Հոլկըր Ռունէի դէմ մրցումին:
36 տարեկան Ճոքովիչ այս յաղթանակէն ետք հաստատեց, որ տարեվերջը պիտի աւարտէ թիւ 1 դիրքի վրայ, ինչ որ ալ ըլլան մնացեալ մրցումներուն արդիւնքները:
20 տարեկան Ռունէ 18 էյս ձեռք ձգեց 10-ի դիմաց (Ճոքովիչ). բայց 7 տապըլ ֆոլթեր կատարեց, մինչ Նովաք միայն 4 տապըլֆոլթ կատարեց:
Կարմիր խմբակի մրցումներու ծիրին մէջ, երէկ թիւ 2 թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս (20 տարեկան), որ չնչին յոյսեր ունէր վերագրաւելու առաջին դիրքը, սեթ մը յաղթելէ ետք, 2 յաջորդական սեթեր կորսնցուց իր առաջին մրցումին` գերմանացի Ալեքսանտր Զվետեւի դէմ: Զվետեւ, որ թիւ 7 դասուած է, այս տարի ամիսներով հեռու մնաց վիրաւոր ըլլալով, բայց կրցաւ տիրապետել Քարլոսի վրայ: Զվետեւ 16 էյս ձեռք ձգեց, մինչ Ալքարաս` 10:
Նշենք, որ կարմիր խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Տանիիլ Մետվետեւ (թիւ 3) եւ Անտրէ Ռուպլեւ (թիւ 5), որոնք կը մրցին աւելի ուշ:
Կանաչ խմբակի` յաջորդ մրցումներուն, այսօր թիւ 6 Սթեֆանոս Ցիցիփաս (Յունաստան) պիտի մրցի դանիացի Հոլկըր Ռունէի դէմ, մինչ աւելի ուշ` Ճոքովիչ կը մրցի թիւ 4 Եանիք Սինըրի դէմ (Իտալիա):