Չաւին հաւանաբար այս տարեշրջանի աւարտին փոխարինուի Պարսելոնայի Բ. խումբի մարզիչ Ռաֆայէլ Մարքեսով:
43 տարեկան Չաւի, որուն կազմը 3-րդ դիրքը կը գրաւէ Սպանիոյ ախոյեանութեան գծով, որոշ թերութիւններ ունի ըստ մասնագէտներու, եւ հակառակ պարագային, եթէ Պարսելոնա տարեշրջանի իր նպատակներուն չհասնի, Մարքես անմիջապէս պատրաստ կ՛ըլլայ փոխարինելու զինք:
Մեքսիքայի ազգային խումբի նախկին կեդրոնի պաշտպան Ռաֆայէլ, որ Պարսելոնայի ալ ամէնէն սիրուած մարզիկներէն եղած է, շատ լաւ արդիւնքներ կու տայ իր խումբին հետ, եւ Պարսելոնայի խորհուրդը զինք շատ կը սիրէ եւ կը վստահի:
Պարսելոնայի խորհուրդը քիչ մը դժգոհ է Չաւիէն, որ մամուլին ճամբով կը ճնշէր իր մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն վրայ, որոնք շատ ալ համաձայն չէին իր խօսքերուն եւ իր խումբին ելոյթներէն ալ գոհ չէին:
«Լա լիկա»-ի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Ժիրոնա, որ 4 կէտի առաւելութիւն ունի Պարսելոնայի վրայ, որ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ` Ռէալ Մատրիտի ետին: