Երէկ շարունակուեցաւ Մասթըրզի տղոց թենիսի մրցաշարքը, ուր կանաչ խմբակին մէջ, աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ 7-6, 4-6 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց լեհ Հուպերթ Հուրքաչը, որ փոխարինած էր վիրաւոր յոյն թենիսմեն Սթեֆանոս Ցիցիփասը:
Ճոքովիչ, որ երկու օր առաջ 3 ժամ պայքարէ ետք պարտութիւն մը կրած էր իտալացի թենիսմեն Եանիք Սինըրէն` 7-5, 6-7 (5-7) եւ 7-6 (7-2) արդիւնքով, այժմ պիտի յուսայ, որ Սինըր յաղթէ դանիացի Հոլկըր Ռունէի ալ, որպէսզի Սինըր իբրեւ առաջին եւ Ճոքովիչ իբրեւ երկրորդ հասնին կիսաւարտականի հանգրուան:
Միւս կողմէ, կարմիր խմբակին մէջ ռուս Տանիել Մետվետեւ 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ, մինչ սպանացի Քարլոս Ալքարաս, որ պարտութեամբ սկսած էր Զվերեւի դէմ, կրցաւ իր առաջին յաղթանակը ապահովել պարտութեան մատնելով ռուս Անտրէյ Ռուպլեւը` 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով:
Ալքարասի կարծիքով` 2024-ին Եանիք Սինըր անունը շատ աւելի բարձր դիրքերու վրայ պիտի տեսնենք: